Փանոս Ճերանեան – Մոնրէալ

Աղերսագիր Ըրէ ‘ այնպէս , Տէ՜ր , որ սուտը անոր ինծի չհասնի ‘ ինչպէս եդեմի պարտէզին մէջէն սուտը Ադամին չհասաւ  քեզի  ։   Ըրէ’ այնպէս , Տէ՜ր , որ բառը մնայ անեղծ  շրթներուն’ ինչպէս Կանայի  հրաշագործ գինիդ , ինչպէս երկինքի աստղերուն մէջէն աստղը մսուրիդ ։   Ըրէ’ այնպէս , Տէ՜ր , որ իմ քնարիս լարերուն…

Տիրուկ Կարապետեան Մարգարեան – Թորոնթօ

Աղօթք Խաչքարեր Ա՜խ, խաչուած քարեր, Բիւր դաջուած քարեր, Անգին խաչքարեր… Մեր աչքին լոյսը, Վանքերուն սիւնը, Սրտի բոբ յոյզը, Հաւատքի բոյնը՝ Սուրբ Կանթեղ քարեր, Տանջուա՜ծ քարեր, Պայծա՛ռ խաչքարեր… Լռիկ, բայց խօսուն… Քարէ, բայց փխրուն… Նրբիկ, բայց տոկո՛ւն, Կանգնած, բայց ճկուն՝ Փորագիր քարեր, Հայակերտ քարեր, Բիւրե՛ղ խաչքարեր… Անճար ու հնար, Գերուած ու ազատ, Գետնին մէջ գամուած, Երկինք…

Վահան Զանոյեան – ԱՄՆ

Հիւսիսային Պողոտայ   Բաժակ մը ջուր սիկարեթ մը կէս ժամ յետոյ գաւաթ մը սուրճ   ժամ մը, երկու սիկարէթներ տաս սիկարեթ և նոյն ջուրը և նոյն սուրճը աժան հաճոյք թանկ «կաֆեյում»   «մէսիջ» ու «տեքստ» iPhone-7-ը բարձր բռնած որ երևնայ զբաղ               զբա՜ղ             գործի վրայ հեռախօսազանգեր զբաղ ու սիկարեթ արդէն քսան նոյն բաժակը ու նոյն…

Սեւան Հանէշեան-Պետուրեան – Քալիֆորնիա

ԱՐՑԱԽ   Արծուաբոյն իմ երկիր, Սրտիս տրոփիւնը Լեռներուդ մէջ կ՛արձագանքէ։   Որպէս արծիւ թեւերս լայն կը ճախրէի Խրոխտ լեռներուդ մէջ, Հուժկու բազուկներուդ վրայ կը թափառէի․․․   Հայեացքս ընդարձակ Քաջերուս հերոսութիւնը կ՛ըմբոշխնէի, Մինչ դարերէն եկած ղօղանջը կը հնչէր։ Չորրորդ  դարէն իսկ Ամարասը Այբուբենով կը սնէր, Ղազանչեցոցը իր արիութեամբ իսկ շարական կ՛երգէր, Գանձասարը աղօթքի ուժը կը տարածէր համայն երկրիս, Վանքասարը կը…

Սարգիս Քէլ Խաչերեան – Պէյրութ

ՏԽՈՒՐ ԵՐԳ   ցաւերս զանգակի մը լեզուակին մէջ պահուած ղողանջ արցունքներս ժանգապատ լարի մը մէջ պահուած թրթռացում հոգսերս հեռաւոր անցեալի մը մէջ պահուած յիշողութիւն սէրերս հնատաշ քարի մը ծաքերուն մէջ պահուած սեպագրութիւն       ԱՅԴ ՕՐԵՐՈՒՆ   մեր յոյսը շատ մեծ էր ընկեր անվաղիւ այդ օրերուն մեր ժպիտը լայն էր ընկեր նեղ ու սեղմ…

Սագօ Արեան – Երեւան

ԲԱՆՏԻ ԵՏԻՆ Բանտի ետին, Չեմ գիտեր անձրեւը Տամուկ Սենեակի ձեղունէն Ներս կ՚իյնա՞յ։ Բանտը հարսանիք է, կը գրէի վաղ՝ 90-ին. Բանտը ճակատագիր է, Ամրոց։ Դէմքեր կան, Որ ուղեղի առաստաղին վրայ քամուած Կը յամենան… Դէմքեր, որ անցած են բանտի ճանապարհէն։ Գրողներու ճակատագիրը կ’աւարտի Բանտի ճաղերու ետին, Հերոսները հոնկէ կը մեկնին Ապագայի պատուանդանը արիւնոտ։ Բանտը սոսկալի բան է…

Ռուբէն Ճանպազեան – Թորոնթօ/Երեւան

ԿԱՊՈՅՏ ՈՒ ԴԵՂԻՆ կապոյտ ու դեղին, կապոյտ ու դեղին, աշխարհը դարձած է կապոյտ ու դեղին: հեռատեսիլը կը բանամ՝ կապոյտ ու դեղին: համակարգիչիս մէջ՝ կապոյտ ու դեղին: թերթերը ներկուած՝ կապոյտ ու դեղին: կուրծքի ժապաւէններ՝ կապոյտ ու դեղին: աշխարհը դարձած է կապոյտ ու դեղին:   * * *   ինչո՞ւ չներկուեցաւ աշխարհը գոյներովս երեք: աւելի քի՞չ սիրուն…

Նորա Պարութճեան – Փարիզ

ԿԸ ԳՐՈՒԻ   յորդեալ հեղուկ մոխրագոյն չարաբոյր հոսուկ թանձրացած սիրոյ ամանէն ինկած աւելորդութիւն որուն չի կրնար այլեւս մարմինը տոկալ կը գրուի … կը գրուի անկապ անորոշ սողանցքներէն երակի բացին վրայ չքանալիք մէկ պահի որ հեռու է հասկցուելու ճաշակէն   ո՞ւր է ո՞ւր է իմաստը եւ թոյրը զոր ծայրերով մատներուն դիտեցինք օր մը ու տեսանք անկէ…

Յարութիւն Պէրպէրեան – Մոնրէալ

Ղ ա տ   կը   երգ   կ’երգէ բեմին վրայ որդեգրելով լեզու մը որ հասկնալի է բոլորէն գէթ առաջին մակարդակին ( էջին վրայ կը վերածուի նշանագրի՞) պլա պլա պու պի պլու պա պլի պա վեր վեր վար վեր վար վար վեր վար ատկէ անդին  կը սիրերգէ՞ յղացք մը որ բաց է    ամբողջ ամբողջովին եւ յոտնկայս     բան…