Յարութ Վարդանեան – Հալէպ

ՃԵՐՄԱԿ   Հարսի հագո՞ւստ ֊ թէ՞ ամպ, Մեռելի պատա՞նք ֊ թէ՞ շերամ. Ինչ որ ճերմակ, ճերմակ հագուի, Օր մը պիտի հանուի։   Հարսը ֊ հասուն ամպի պէս Վրան միօրեայ զգեստ. Փարաւոննե՜ր ֊ դարձան դիեր, Նորեկը ֊ միօրեայ թիթեռ:   Ըլլայ պատանք, ըլլայ բոժոժ*, Ե՛ւ դրախտ է ե՛ւ դժոխք։ Երբ որ ճերմակ, ճերմակ հագուի, Ամէն ինչ…

Յակոբ Տլտլեան – Հալէպ/Երեւան

Անդադարութիւն Դադարէ մը վերջ Թնդանօթներն Ու հրետանիներ Դարձեալ կը լեցուին Եւ կրակելու Կարճ ու կտրուկ Հրահանգի մը Անոնք կը սպասեն… Դադրէ մը վերջ Այդ միջազգային Կաս-կարմիր խաչի Աշխատակիցներ Իրենց սեփական Դրօշակները Աջ-ձախ կը ճօճեն Աճիւն կ’որոնեն Եւ բանտախուցէ Ուրիշ բանտախուց Անոնք կ’այցելեն Եւ փաստահաւաք Գործ կը կատարեն: Իսկ այդ սուրբ գործի Մեծ արդիւնքները Այդքան կ’ուշանան……

Մարուշ Երամեան – Գահիրէ

ԱՆՎԵՐՆԱԳԻՐ ներսս տեղ մը patchwork-ի պէս կարկտնուած քաղաք մը կայ կարկտնուած փողոցներով ու ծանրացած շա՜տ ծանրացած   կարկտնուած փողոցներս կը սկսէին Երեւանէն ու Հալէպէն կը հասնէին Փարիզ Պէյրութ Գահիրէ   փողոցներս թնճուկուեցան ու մնացին պատկերներուն հետ ծանրացած   կար ժամանակ կը տանէինք երկու վալիզ -Թխմէ՛, թխմէ՜ … բարակ աւել ու թել պանիր լոլիկի ջուր փոշի…

Համբիկ Մարտիրոսեան – Պէյրութ

ԵՐԱՆԻ ԹԷ… Հրաշքներու չեմ հաւատար… Բայց երանի, օր մը յանկարծ, Աշխարհն ապրէր խաղաղութիւն… Թող վերջ գտնէր՝ քէն ու  պայքար..:   Սէրը դառնար վարակիչ բոց… Մարդը ապրէր՝ անհոգ, անխոց… Չարը մոռնար՝ յոռի արարք, Զինք կոչէինք մենք՝ բարեգործ…:   Նախանձ մարդը, ըլլար ազնիւ, Քինախնդիրն՝ մոռնար չարիք… Բարբարոսը դառնար պարկեշտ, Բաշխէր իր շուրջ՝ գութ ու բարիք..:   Գիշատիչը,…

Մարիանա Պէրթիզլեան – Հալէպ

ՍՐԲԱՑՈՒԱԾ    ՏԱՐԱԾՔ Պեղեցի գաղտնարանները Ընդերքներուդ  թաքուն Մաշկիդ ցաւոտ  սպիներուն տակ Ուր  դատարկ շտեմարաններուդ Սերմերը կը փտտին կը խամրին կ՛աղօտին Բռնկումները երկրախորքերուդ Որոնք վերապահուած  էին միմիայն մեզի Միասին ըմպելու Խնկաբոյր գինիդ արբունքի Ու այնտեղ հողի կոշտացած ու ոսկրացած շերտերուն տակ Ուր ցաւ կայ ամէնուր․․․ Չբացատրուող Չվերծանուած բառերով Բարդոյթաւորուած Եւ իմ ներսիդին եւ ամէն շունչի   Պահուած…

Հրանդ Մարգարեան – Նիւ Եորք

ԿՈՒ ԳԱՄ   Կու գամ Շշուկով Սպասումիդ աւարտը երգելու Կու գամ             Ժպիտով             Պահերուդ քաղցրութիւնը հիւսելու  Կու գամ             Յուշերու պսակը գլխուս             Նոր յուշերու արահետներ բանալու Կու գամ             Որ աչքերուս մէջ             Երազներդ վերթեւեն Կու գամ             Հոգուս մերկութեամբ             Որ աշխարհներս զարդարես Կու գամ             Բնութեան մեղկութեամբ             Որ բառերդ հրայրքով պարուրուին Կու գամ             Որ քնքշօրէն             պահերս յորինես Կու գամ             Որ աշխարները             Երամներու պէս ճախրին             Հոն՝             Ուր միայն ես…

Կարօ Արմենեան – Ուաշինկթըն

ՀԱՐՑԱՔՆՆՈՒԹԻՒՆ   լեռներու եզերագծերը կը լուծուին իրարու մէջ և կը յօրինեն հորիզոններու երազանքը այս առտու   լեռները լուռ են   մենք ենք որ ապաստանած ենք իրենց անուրջին փնտռելով մեր ինքնութիւնը       թշնամին ինչպէ՞ս հասաւ հոս թշնամին ինչպէ՞ս մտաւ այս ձորերը թշնամին ինչպէ՞ս կը խօսի բարձրաձայն   լռութեան այս վեհարանին մէջ   և որո՞նք…

Ծովինար Յովակիմեան-Ղազարեան – Փորթլէնտ, Օրիկօն

ՍԷՐԴ ԱՊՐԻՄ ԱՆԷԱՆԱՄ Խաչիդ դպչիմ, Ցաւդ ճանչնամ, Մեղքիս ցաւը՝ քեզ խաչ հանող, Անձկութեան քեզ դատապարտող: Մարմնիդ հպիմ արիւնաքամ, խոշտանգուած, Առանց Աստուած, ամայացած հոգիդ գտնեմ, Անձկութեանդ մէջ խորասուզուիմ, Անձկութեանդ՝ խեղդող, խաւար: Ամբոխին մէջ ես կորսուած՝ Հասնիմ քեզի, Քղանցքիդ դպիմ, Ու հպումէն ահեղ, հզօր, էութեամբս ես ցնցուիմ, Մաքրուիմ, բուժուիմ, վերածնիմ: Շուքիդ հետեւիմ ես անբաժան, Կրնկակոխ քայլս՝ քայլիդ,…

Խորէն քհնյ. Պէրթիզլեան – Երեւան

Երբ Ես-ն է Միակ Ներկան   Կայ կոյր եսը, միակ ներկան Այլամերժ, չար, սուտին վկան Մենքը մերժող ամէն վայրկեան Մահացու մեղք, դաժան, գազան։   Կայ խուլ եսը, ինքնահաւան Ինքնահաճոյ, չարադաւան Կրծող քաղցկեղ բարոյական Կործանարար, խաբէական։   Եսն է ներկայ, կեդրոնական Իր վարմունքով թշնամական Սեփականն է հաճոյական Ընդհանուրին դէմ տեւական։   Եսը փառքի ջերմ սիրական Կեղծ…

Խաչիկ Տէր Ղուկասեան – Պուէնոս Այրես

«Սփիւռքահայ ըլլալ մը կայ…» Վահէ Օշական   Ոչ մեկնումին է, ոչ ալ ժամանման ճանաչումը ինքնութեանդ, այլ՝ շարժումին մէջ յաւերժ «քաղաքէ մ’ուրիշ քաղաքի միջև»:   Քեզ ընդունող չկայ, ոչ ալ ճամբու դնող, ոչ բարի գալուստ, ոչ ողջերթ, ոչ ոք կ’ընկերակցի քեզ, ուղեցոյց չունիս, չկայ կայարան, կանգառ միայն, չկայ սկիզբ, միայն միջոց, ուր կեանքը օրէնք է դաժան,…