ՍՐԲԱՑՈՒԱԾ ՏԱՐԱԾՔ
Պեղեցի գաղտնարանները
Ընդերքներուդ թաքուն
Մաշկիդ ցաւոտ սպիներուն տակ
Ուր դատարկ շտեմարաններուդ
Սերմերը կը փտտին
կը խամրին կ՛աղօտին
Բռնկումները երկրախորքերուդ
Որոնք վերապահուած էին միմիայն մեզի
Միասին ըմպելու
Խնկաբոյր գինիդ արբունքի
Ու այնտեղ հողի կոշտացած ու ոսկրացած շերտերուն տակ
Ուր ցաւ կայ ամէնուր․․․
Չբացատրուող
Չվերծանուած բառերով
Բարդոյթաւորուած
Եւ իմ ներսիդին եւ ամէն շունչի
Պահուած է սիրտը պապիկիս
Բոլոր խեղճացած մարդոց սրտերուն հետ
Թանկարժէք մասունքներու սափորին մէջ․․․
Պապենական տան դրան շեմին տակ
Ուր ես եւս այժմ պոկեցի
Եւ պահեցի սիրտը իմ արիւնլուայ
Ոտքերուդ տակ
Ընդհատակեայ դամբարաններուդ մէջ
Ամայի ճամբաներուդ ծալքերուն
Ուր կասեցուած տօնախմբութիւններու աղաղակներ
Դեռ կ՛արձագանքեն
Ես մերթ ընդ մերթ
Կու գամ գիշերելու
Պալատներուդ բնակարաններուդ խորքերը
Աչքերէ հեռու, սրտիդ մօտիկ իշխանազուններուդ հետ․․․
Եւ ամէն օր կը լուամ մեր երկուքին սրտերն ու
Միասնութեան կապը
Մոռացութեան փոշիներէն
Դուն կը խոստանաս զիս առանձին տանիլ Դաշտը արձակ
Խօսելու հետս լայնատարած Եփրատի գետեզերքին
Զիս մկրտելու կոհակներուն հետ
Մահուան հաղորդութիւնը ցոյց տալու
Դահիճներու ոտնահետքերով լի ափերուն վրայ
Եւ ես կը հասկնամ թէ դուն հոն ես,այդ ալիքներուն մէջ
Եւ երբ բոլոր ջուրերը յորդին
Ետքը խաղաղի հեղեղը
Միանալով իր պատկանած ովկիանոսին
Արմատները որթերու նռնենիներուդ
Կը ճիւղաւորուին
Հողդ եւ ջուրերդ կը ներկուին
Ո՛չ որդան կարմիրով գինիի գոյնով
Կամ նռնենիի կենարար հիւթով։
Սրբացուած արեան կարմիր շիճուկով
կարմիր աւիշով կը ծաղկի սերմը
Սպասուած սիրոյ
Եւ ոչ վատնումի
Կը Սրբացուի հողդ իր նշխարներով
Եւ աճիւններով
Ապրող շունչերով
Ժամանակի մը մէջ, անպայման
Որ կու գայ սրընթաց հեռուներէն
Որ հիմա ալ է
Արմաւենիի տերեւներուն ճարճատիւնը յստակ կը լսուի
Անապատի խորքերէն
Երամներու եւ թեւաւորներու նման
կը թափահարին ճիւղերն
Ու ոգեղէններուդ թեւերը
Ազատութեամբ կը ծածանին երկիրը շարժելով
Նռնենիներու ծաղկած ծաղիկներ, որ սպիացած ցաւ ունին իրենց մէջ մարմնիդ վրայ,կոծ ունին ․․․
Յանկարծ կը յորդին հատիկներով ,կը ճաքին ուրախութենէն իրենց
Սէգ ճիւղեր փռուած,ցիր ու ցան, գետի մակերեսին
Պոկուած կոճղեր արմատախիլ
Կը տարուբերին․․․ Բայց կ՛աղաղկեն
Կը ծփան նորոգուած եղեամին հետ կազդուրող
Որ զարդարեն խորաններդ կիսամերկ։
Եւ գիտե՞ս միլիոնաւոր հայ մանուկներ
Լոյս աշխարհ չեկան
Որովհեռեւ չար բնազդներով տառապող
Մարդու կերպարով անասնադեմ էակներ
Լռեցնել փորձեցին կանչը անոնց
Անհետացնելով արմատները․
Այդ մանուկները լուսաշող ճերմակ փետուրներով կը վերադառնան․․․
Կը ծնին ջուրէն
Ձայները անոնց
Վերանորոգ կոհակներուն ընդմէջէն կը մօտենան
Կը շշնջան ինչ որ բան ու կ՛երթան
Վերադառնալով իրենց ձեռքերուն
Փակուած դռներուդ բանալիները
Տուներուն որոնց շաղախը չի թափիր երբեք
Բանալու պղծուած տաճարներուդ դռները․․․
Լոյսին ժպտացող լուսերեսները
Նռնենիի ծաղիկներով զարդարուած
Հիւթովը աճած
Սնած ջերմութեամբ ու զօրութեամբ
Կը սկսին երգել
Եւ փառաբանել
Իսկ քու զօրութեան ձեռքդ
Կը հովանաւորէ զանոնք
Մարիանա Պէրթիզլեան Ղազարեան
«ՁԱՅՆ ՏՈՒՐ ԾԱՌ»