քար ու բառ
քար մը դուն
քար մը ան
բառ մը դուն
բառ մը ան
քարեր բառեր
ցիր ու ցան
քով քովի եկաք
սակայն
չորս պատ ու պատմութիւն
չդարձաք
քար մը դուն
քար մը ան
բառ մը դուն
բառ մը ան
քարեր բառեր
քով քովի
բայց ցիր ու ցան
յետ գրութիւն
ափիդ մէջը
ընդամենը
հինգ բառ
կամ քար
հինգ բառերը
կամ քարերը
զգոյշ կը սփռես
ու լո՜ւռ կը զննես
բառ մը
կամ քար մը կ՚ընտրես
դէպի վեր կը նետես
իսկ միւսները
մէկիկ մէկիկ
կը հաւաքես
ու վեր նետած
քարէ բառդ ընտրած
յաջորդաբար հաւաքած
միւսներուն հետ
ետ կը բռնես
հաւաքել՝ կը յաջողիս
բռնել՝ կը ձախողիս
կամ ալ հակառակը
բայց կը շարունակես
հաւաքել
բռնել
ձախողիլ
յաջողիլ
կը կրկնես
այս անգամ
սփռուած բառերը
կամ քարերը
զոյգ զոյգ
երեք եւ մէկ
վերջապէս
չորսը միասին
կը հաւաքես
ու վեր նետած
քարէ բառդ սիրելի
յաջորդաբար հաւաքած
միւսներուն հետ
միշտ
ետ կը բռնես
անվերջ կը շարունակես
սփռել
հաւաքել
բռնել
ձախողիլ
յաջողիլ
հինգ քարէ բառերով
յետ գրութիւնը այս
որ պարզապէս
կը կոչուի
կեանք
Անահիտ Սարգիսեան