ՕՐԵՐՈՒՍ ՄԷՋ
Օրերուս մէջ, կեանքն էր կարծես սայթաքեր իր բնական հունէն,
Հոսանքին մէջ իր գետակին ջրմուռներով նեխահոտեր…
Օրերուս մէջ ես փնտռեցի շո՛ղ մը պայծառ արեգական,
Որ ան ծորէր ու փարատէր միգամածը համատարած…
Օրերուս մէջ մարդը՝ նիւթով լոկ յղփացած, դեռ կը փնտռէր
Կա՛յծ մը հրեղէն, որ ան գուցէ կրակ ու հուր փայլատակէր…
Օրերուս մէջ, սէրն էր նոյնիսկ այլասերա՛ծ, այլանդակուա՛ծ,
Դարձեր միայն շահի, սեռի սին վայելքին ստրկացա՛ծ…
Օրերուս մէջ, մարդը անգամ դարձեր էր շուկայի ապրա՛նք,
Վաճառելի արծաթ դրամով կամ ապրանքով փոխանակուած…
Օրերուս մէջ, քաոս մըն էր աղմկարար ուր մարդն ազատ
Ինչպէ՞ս ճախրէր անթեւ, անթռիչք ու գետնամած…
Օրերուս մէջ, բառն ու բանը անհոգի նիւթ էր լոկ դարձած,
Աղօթքի տեղ Աստուածառաք, զիլ հնչիւն մը տխուր հեւար…
Օրերուս մէջ, բանաստեղծը կ’ապաւինէր իր լռութեան,
Ու միայն հոն, ան կը գտնէր հոգին մենակ ու տխրամած…
Ու լռութեան այդ խորանին, կ’արարէր երգ սիրտէն բխած,
Որպէս աղօ՛թք անեղծ, անկեղծ, որպէս սիրոյ խոստովանա՛նք:
18/3/2023