Լեզուական հնհնուքներ – 4 աւանդականութիւն
Աւանդականութիւնը գրական լեզուի կանոնակարգը անփոփոխ պահելու խնդիր ունի։ Բոլոր գրական լեզուներն ալ տեղ մը կամ չափով մը աւանդապաշտ են: Գիտակից լեզուակիրները աւանդը անաղարտ պահելու նախանձախնդրութիւն ունին։ Լեզուական այս կամ այն կարգի նորութիւնը կամաց-կամաց քաղաքացիութիւն կը ստանայ ու կը միաձուլուի համակարգին մէջ։ Հակառակ պարագային՝ ամեն անհատական, տեղական եւ ժարգոնային արտայայտութիւն ու գրելաձեւ կը մտնէ ներս, ու կանոնակարգի փոփոխութիւնը անկառավարելի կը դառնայ։
Աւանդականութիւնը կ՛երեւի լեզուի բոլոր համակարգերուն մէջ։
Գրական արեւմտահայերէնը, յատկապէս սփիւռքեան իր պայմաններուն մէջ, շեշտուած աւանդականութիւն մը ունի։ Ատիկա կ՛երեւի ինչպէս ուղղագրութեան, այդպէս ալ բառագիտութեան եւ քերականութեան ըստ ամենայնի ընդունելի օրինաչափութիւնները պահպանելուն մէջ։
Բայց ինչ ընենք, որ ամեն լեզուի պէս արեւմտահայերէնն ալ ունի հինէն եկող կամ խօսակցականէն թափանցած երկձեւութիւններու բաւական երկար շարքեր, որոնք յաճախ քննարկման նիւթ կը դառնան։ Շատ անգամ կը մերժուի մէկը, կը թելադրուի միւսը։ Հարցը կը լուծուի՞։ Ոչ։
Աւանդականութեան պահպանումը ինչպէս ընդհանուր, այդպէս ալ մասնաւոր արտայայտութիւններ ունի։ Ընդհանուրը այն է, որ բոլոր լեզուակիրները կը դաւանին ա՛յսպէս գրել, ա՛յսպէս խօսիլ, ա՛յսպէս գործածել բառը։ Անկէ որեւէ շեղում սխալ կը նկատուի։ Օրինակ, կարելի՞ է ծօվ գրել, չիմացողը կրնայ սխալիլ, բայց երեւոյթը ամեն պարագայի սխալ կը մնայ։ Հակառակը լեզուի մէջ քիչ կը պատահի, այսինքն ճիշդն է որ կը մերժուի, ու սխալը կը դառնայ ընդհանրական, օրինակ, բոլորս ալ չեղած տեղը շագանակ կ՛ըսենք, իսկ բուն բառը՝ շադանակ, առհասարակ չենք յիշեր։
Իսկ ոմանք չեն ուզեր հրաժարիլ իրենց ժառանգած աւանդութենէն․ կ՛ըսուի օտար բառերու մէջ օ-ի գրութիւնը կը հակասէ դասական ուղղագրութեան, պէտք չէ գրել նօթա, այլ գրել նոթա, ինչպէս գրաբարի մէջ՝ կոթողիկոս, կոկորդիլոս, ինք հակառակը կը պնդէ ու ամբողջ գրականութիւն մըն ալ կը դնէ դէմդ։ Քննարկումի պէտք չունի, դպրոցէն, միութեան ատենագրութենէն, այսինչ թերթէն, դասագիրքէն ու բառարանէն ասիկա տեսեր է, այպէս կը գրէ։ Այսինքն՝ մասնաւոր պարագաներու տակ աւանդականութիւնը կը խանգարէ լեզուի միօրինականացման գործընթացը։ Միւս կողմէ՝ գրաբարի շատ բայեր կորսնցուցած են իրենց սոսկական միջածանցը ու վերածուած են աններածանցի, որն ալ կ՛ենթադրէ որ բայը անցեալ կատարեալի մէջ խոնարհուի ց հիմքով՝ սկս-ան-իլ >սկսիլ> սկսեցայ, սկսեցար, սկսեցաւ, ու ահա աւանդապահ ամբողջ բանակ մը կ՛ելլէ դէմքդ ըսելու համար սխալ կը խօսիս, պահել հին, արդէն զարտուղի խոնարհումը՝ սկսայ, սկսար, սկսաւ։ Արեւմտահայերէն խօսակցականն ալ անձի պարագային տրական հոլովով խնդիր ունի, տեսայ իրեն, արդէն կը ճանչնամ կարգ մը գրողներ, որ ներգործական բայի խնդիրը, գիտակցօրէն թէ անգիտակ ձեւով, կը դնեն տրական հոլովով։ Անշուշտ կ՛ուղղենք՝ տեսայ զինք, որո՞ւ կ՛ըսես․․․
Եւ այսպէս՝ շարունակ։
Լուծո՞ւմ։ Լեզուական աւանդականութիւնը հրաշալի պատասխանատուութիւն կ՛ենթադրէ, բայց ան ալ պէտք է կողմնորոշել, իսկ կողմնորոշողը միայն մէկ իշխանութիւն կրնայ ըլլալ, բան մը, որ բոլոր զարգացած լեզուները ունին, լեզուի բարձրագոյն գերատեսչութիւն մը, որուն ընդունած ու առաջարկած ձեւը օրէնքի նշանակութիւն պէտք է ունենայ բոլորին համար, այլապէս․․․ կ՛իյնանք այս օրին։
Դոկտ. Յակոբ Չոլաքեան