ԵԹԷ ՉԿԱՅ ՀՈՂԸ
Եթէ չկայ հողն ու հայրենիքը,
Ի՞նչ արժէք ունին ծառերն ձեր մշտադալար,
Առուները չքնաղ, կաղնիները խրոխտ,
Բարձր սարերը ձեր։
Կ’երգէք բնաշխարհն ու աստղերը,
Արեւը, որ չի ծագիր հիմա ձեր վերեւ,
Ան կը հրկիզէ դաշտերն ու լեռները թաւշեայ,
Որոնք օտարինն են միայն։
Ի՞նչ արժէք ունին երազկոտ երգերը ձեր,
Ներբողներն ու խօսքերը ապաշաւ ու սին,
Եթէ չկայ հողը, հայրենի շէնն ու աւանը օտարացած,
Ի՞նչ իմաստ ունին տողերը ձեր չնաշխարհիկ։
Հո՛ղն է արեւը, հայրենի՛քն է բնաշխարհը,
Եթէ չկայ հողը, ո՜ւր է ձեր հայրենիքը,
Ծղրիթին թէ արագիլին է ձեր սէրն ու գովքը,
Առաւօտէն իրիկուն ձեր գովերգած երկիրը։
Օ՜հ, մոլորեալներ մոլորեցնող,
Դժբախտներ՝ սոնքած ու անտարբեր,
Ո՞ւր է հայրենիքն ու հողը, ձեր եղեւնիներն
Ու դալարազարդ լանջերը գգուող։
Թշնամին կը վայելէ արեւն ու առուները ձեր,
Իսկ դո՜ւք, դո՛ւք, թշուառ գրիչներ
Մեր ժամանակի մոլորած,
Անդէմ մերկութիւններ,
Գիշեր ու ցերեկ կ’երգէք
Կորուսեալ հայրենիքի
Բնաշխարհը չքնաղ…
2022