«Սփիւռքահայ ըլլալ մը կայ…»
Վահէ Օշական
Ոչ մեկնումին է, ոչ ալ ժամանման
ճանաչումը ինքնութեանդ,
այլ՝ շարժումին մէջ յաւերժ
«քաղաքէ մ’ուրիշ
քաղաքի միջև»:
Քեզ ընդունող չկայ, ոչ ալ ճամբու դնող,
ոչ բարի գալուստ, ոչ ողջերթ,
ոչ ոք կ’ընկերակցի քեզ, ուղեցոյց չունիս,
չկայ կայարան, կանգառ միայն,
չկայ սկիզբ, միայն միջոց,
ուր կեանքը օրէնք է դաժան,
մահը՝ ոչ իմացեալ,
անմահութիւնն՝ անիմաստ:
Հայքու
Ի սպառ մարեցաւ
լոյսը հին իմաստութեան
խորհուրդը կորաւ
Դարերէն եկած
ժամանակին մէջ սառած
Տէր Ողորմեա՛ մը
Հին մագաղթ մը
պատմութեան փոշին վրան
բառերը չկան
Լեզու մը մեռած
որով գրել ուզեցիր
և ձախողեցար