«Հայերը Օսմանեան Կայսրութեան Մէջ» Նիւթով Համաժողով՝ Տիգրանակերտի Մէջ
Տիգրանակերտ քաղաքին մէջ տեղակայուած Տիճլէ համալսարանի մշակութային կեդրոնին մէջ, 2 Յունիսին տեղի ունեցաւ քննարկում մը՝ «Հայերը Օսմանեան կայսրութեան մէջ․ գիտութիւն, մշակոյթ եւ արուեստ» նիւթով։ Այս մասին կը հաղորդէ «Ակունք»ը։
Ձեռնարկը կազմակերպած էին թուրքիոյ Հայ կաթողիկէ համայնքի առաջնորդարանը եւ Տիճլէ համալսարանը։
Քննարկման մասնակցեցան Տիգրանակերտի փոխնահանգապետը, Տիճլէ համալսարանի ոխտնօրէնը, Սուր շրջանի գաւառապետը, Տիգրանակերտի քաղաքապետը, նահանգի այլ գաւառներու կառավարիչներ, թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան ներկայացուցիչը, Հիմնադրամներու շրջանային տնօրէնը եւ այլ պաշտօնեաներ ու քաղաքացիներ։
Համաժողովին բացման խօսքով հանդէս եկաւ Տիճլէ համալսարանի Մշակոյթի եւ արուեստի կեդրոնի տնօրէն, դասախօս Պուրաք Քազան, իսկ ամփոփիչ ելոյթով՝ թուրքիոյ Հայ կաթողիկէ համայնքի առաջնորդ Լեւոն արք. Զէքիեան։