Պէպօ Սիմոնեան եւ իր «Ակնթարթներ…»ը
Խօսիլ Պէպօ Սիմոնեանի մասին, կ’ենթադրէ խօսիլ՝ Պէպօ Սիմոնեան բանաստեղծին, արձակագիրին, հրապարակագիրին, մտաւորականին, խմբագիրին, գրաքննադատին, ուսուցիչին, տնօրէնին, հասարակական գործիչին, վերջապէս՝ ամբողջական հայ գրողին, լիիրաւ հայուն, լիիրաւ մարդուն մասին։
Թատրոնէն բացի, գրական բոլոր սեռերը շօշափած, բոլոր սեռերուն վրայ իր յատուկ դրոշմը դրած Պէպօ Սիմոնեան կը ներկայացնէ յետ-եղեռնեան շրջանի մեր երկրորդ գրական սերունդը, սերունդ մը՝ որ հաւատաց իրեն վստահուած առաքելութեան ու մնաց պատնէշի վրայ, սերունդներու հայակերտումի ազնուագոյն առաքելութեան պատնէշին վրայ։ Այդ սերունդը ապրեցաւ եւ հաւատաց վերադարձի ու հողին սրբազան արժէքին մասին. Հաւատաց որ պայմանները անցողիկ են եւ անպայման պիտի ճառագայթէ հայուն արեւը եւ Հայաստանը դառնայ ազատ ու անկախ։ Եւ գործեց որպէս այդպիսին, վաւերականօրէն ու հայօրէն։
Իսկ իր երկրորդ հայրենիքին հանդէպ ունեցաւ խոր հաւատք ու սէր։ Հողին արժէքը գնահատողը չէր կրնար չսիրել իր երկրորդ հայրենիքը՝ Լիբանանը։ Իսկ Պէյրութը եղաւ իր ծննդավայրը, իր տաքն ու պաղը խառնած, տագնապի, պատերազմի թոհուփոհին մէջ իր գիշերները լուսցուցած սիրելի թաղը, սիրելի քաղաքը, իր հոգիին ու մտքին բոլոր ապրումներուն ներշնչարանն ու նպատակը միանգամայն։ Կ’ըսէ ինք, «Քաղաքին գիշերը ու իր գիշերը այնքան նոյնացած ու միաձուլուած էին իրարու, որ ինք ու քաղաքը չկրցան զանազանուիլ իրարմէ»։
Ահա այդ Պէյրութին մասին կը խօսի Պէպօ Սիմոնեան իր «Ակնթարթներ» վերջին երկին մէջ, կարծէք իր ապրումներուն վկայագիրը ըլլար, կարծէք իր մանկութենէն մինչեւ այսօր կաթիլ-կաթիլ սափորած կեանքի պատմութիւնը ըլլար, իր հոգիի, խղճի, սիրոյ եւ երախտիքի հատուցման դրսեւորումը ըլլար ան։ Ինչպէս ինք պիտի ըսէր, «միացած ու նոյնացած էր քաղաքին հետ եւ անոր ամէն ինչը իրեն համար դարձած էր հաճելի ու գեղեցիկ…։» Միայն մարդկային ու հայրենասիրական խոր ապրումներով տոգորուած բանաստեղծն էր որ ամէն բան հաճելի եւ գեղեցիկ պիտի տեսնէր, ազնուագոյն իր հոգիին զեղումներով, «հակառակ, որ ան եղած էր զրկուած մանկութեան քաղաքը…», ինչպէս պիտի ըսէր տեղ մը։ Պատերազմի բոլոր տարերքը ապրած գրողը միայն կրնայ նկարագրել իր ցաւն ու դառնութիւնը, այն բոլորին մասին որ տեսաւ, այն բոլորին՝ որ ահաբեկեց իր սիրտն ու միտքը, բայց ազնիւ գրողին միայն տրուած է զայն բանաստեղծականօրէն, յուզականօրէն ներկայացնելու. Կը մէջբերեմ. «Քանի-քանի գարուններ եկան ու անցան ու մենք չզգացինք գարնան քաղցրաբոյր ներկայութիւնը, որովհետեւ ձեր (կ’ակնարկէ ծիծեռնակին) անոյշ շունչը չխառնուեցաւ մեր վառօդաբոյր ու ապականած օդին…»։
Իր հարազատ Պէյրութը ներկայ է իր բոլոր ճանապարհորդութիւններուն ընթացքին. Հայրենիք ըլլայ այդ, թէ Անգլիա, Թորոնթօ, Նիս կամ այլուր։ Միշտ բաղդատական մը, ուր պիտի յաղթէր իր երկրորդ հայրենիքը։ Միայն իսկական հայրենիքին դիմաց՝ կայ երկփեղկումը, կայ երկուութիւնը։ Այսպէս կը բնորոշէ ինք այդ վիճակը.- «երբ հոս եմ, Լիբանանի հողին վրայ, հայրենիքիս կարօտը կը մաշեցնէ զիս։ Բայց ամէն անգամ, երբ Լիբանանէն հեռանամ, նոյնի՜սկ եթէ մայր հողիս ջերմութիւնը զգամ քայլերուս տակ, կ’ապրիմ Լիբանանի կարօտը, Լիբանան վերադարձի բուռն փափաքը, անբացատրելի ցանկութիւնը…։ Սակայն ինք կը լուծէ այդ բարդոյթը հետեւեալ եզրայանգումով.- «…բոլորովին հայրենիք չունենալու դժբախտութենէն, անհայրենիք գնչուի սեւ ճակատագրէն նախնտրելի էր երկու հայրենիք ունենալու, երկու հայրենիքներով բախտաւոր զգալու երջանկութիւնը…։» Բայց այդ մէկը երբէք չէր նշանակեր, թէ պանդխտութիւնը եւ երկու հայրենիքները վերջնական լուծումն էին հայու ճակատագրին, որովհետեւ ակնարկելով հայրենիքին, կ’ըսէ.-« Վերջնական հանգրուանը՝ մեր հայու պանդխտական թափառումներուն…։»
Պէպօ Սիմոնեանի «Ակնթարթներ»ը կ’ամփոփէ մեծաւ մասամբ 80-ական թուականներու գրած իր արձակ գրութիւններէն փունջ մը։ Փունջ մը՝ որուն խորքն ու կիզակէտը՝ լիբանանեան պատերազմի, քաոսի ու անձկութեան մղձաւանջային պահերն են, ակնթարթները, որոնք ակնթարթ չեն, այլ ցաւագին օրերու եւ տարիներու հանրագումար մը, անգոյն, մաշեցնող ու տգեղ օրերու պատկեր մը, որ պիտի գամէր լիբանանցին յուսալքութեան տիղմին մէջ, պիտի մխրճէր զինք տխուր հոգեվիճակներու մէջ, պիտի վերածէր զինք մռայլ մարդու մը, բայց հոս տարբերութիւնը ա՜յն է, որ ինք կը կրէր զայն անտրտունջ համակերպութեամբ, իր ճակատագրին հետ հաշտ՝ առանց ենթարկուելու անոր հոգելլկող պայմաններուն, մուգ ու խոժոռ պաստառին վրայ իր լուսաւոր վրձինի հետքերուն կշռոյթով՝ վաղուան արշալոյսին ու լոյսին յոյսերով, նոյնիսկ երբ ապրած էր 630 օր առեւանգուելու ամբողջ տարերքն ու սարսափը, ճաշակած էր մահը դիմագրաւելու տառապահար անձկութիւնը, նոյնիսկ նախնտրած զայն քան անորոշութիւնն ու կարօտի անձկութիւնը, իր օտարումը ինքզինքէն։
Այդ արձակ էջերուն մէջ կը տեղադրուին նաեւ երեք գրութիւններ իր պաշտած նահատակ գրագէտ սերունդի սրտամօտիկ բանաստեղծներէն Ռուբէն Սեւակին, որուն անուամբ հիմնուած մատենադարանը՝ Սահակեան վարժարանին մէջ, իր նախաձեռնութեամբ, Ռուբէն Սեւակի Նիսի Տուն-Թանգարան այցը եւ Հայաստանի մէջ անոր անունով հիմնուած վարժարանի բացումը, 3 արձակ էջեր, ուր կը խայտան իր սիրտն ու հոգին ի դիմաց այն սերունդին, որ բառին ու խօսքին ճամբով մեր գրականութիւնը բարձրացուցին միջազգային գրականութեան պանդէոնին։ Գուցէ Ռուբէն Սեւակը խորհրդանիշն էր օտար քաղաքները մերժող եւ հայրենիքը նախընտրող մեր յառաջադէմ գրական սերունդին, որոնք վերադառնալով Պոլիս, նախնըտրեցին իրենց ժողովուրդին ծառայութիւնը քան օտարին փառքն ու զեխ կեանքը, բայց նահատակուեցան դաժանագոյն մահով։
Խիստ յատկանշական է առաւօտեան աւելածուն նկարագրող իր գրութիւնը, ուր Պէպօ Սիմոնեանի դասակարգային գաղափարախօսութիւնը կը գծագրուի, հաւասարութեան եւ արդարութեան սկզբունքներէն մեկնած, աշխատանքի սրբութիւնը եւ ազնիւ նկարագիրը որպէս հիմք ընդունող, պարտաճանաչ գործով ընկերութիւն եւ հայրենիք կերտելու ամբոխներու երազին, միաժամակ պատերազմի եւ քանդումի հետքերը մաքրուած տեսնելու իր երազանքին աւելածուին հետ նոյնացող իր նկարագրին եւ երազին, մէկը նիւթական կեղտերը մաքրելու իսկ միւսը իր գրական էջերով հոգիներն ու սերունդները մաքրելու իր ճիգով, իր խօսքով, իր ուսուցմամբ։ Դժուարին բայց երախտաշատ ու առաքելատիպ առաքելութիւն մը, որ կու գայ մարդկութեան սկիզբէն եւեթ եւ կը շարունակուի մինչեւ մարդկութեան ամբողջական մաքրազտումը, երազը՝ հաւատացեալին, գրողին, բանուորին, տեսիլքին եւ յոյսին հաւատացող մարդուն՝ Պէպօ Սիմոնեան մարդուն։
Լիբանանեան պատերազմի առօրեան նկարագրող իր էջերը մեզ կը փոխադրեն այդ ճգնաժամային եւ տարերային մթնոլորտի վերյիշումին։ Մերինը վերյուշ է, տխրութեան թարմացում եւ վերադարձ դէպի անիծեալ երէկը, սակայն, Պէպօ Սիմոնեան երբ կը նկարագրէ այդ պահերը, կը վերլուծէ շարժառիթն ու պատճառը, հոգեկան-հոգեբանական ազդեցութիւնն ու անդրադարձը՝ լիբանանցիին հոգեբանութեան ու մտածողութեան վրայ, կը պեղէ անոր ներաշխարհը, անոր տագնապն ու անձկութիւնը։ Հարցադրումներ կ’ընէ։ «Պատերազմով աւերուող աշխարհի մը ոգեղէն կառուցումը կատարելու փորձ մը, ճիգ մը կ’ընէ»։ Արձակազէնի մը խոստովանութիւնը արձանագրելով թուղթին վրայ, ան կը պատկերէ անոր կազմաւորման վրայ պատերազմին թողած ահաւոր բեռը, անոր վերափոխութիւնը որպէս արձակազէն, փոխան բժշկական ասպարէզի ընտրութեան։ Պէյրութ քաղաքի երփեղկման հետ, լիբանանցի մարդուն երկփեղկումն է, որ մեզ կը նկարագրէ հեղինակը, եւ այդ երկփեղկման հետ՝ անոր ներաշխարհին երկփեղկման, օտարման, անճիտման, պանդխտութեան։
Լիբանանեան Պատերազմի ամբողջ ահաւորութիւնը ապրած մարդը միայն կրնայ հասկնալ հրամցուած էջերու ուժն ու տարերքը մեր յիշողութեան, մեր հոգիին վրայ անոր ունեցած ծանրակշիռ ազդեցութեան։ Պէպօ Սիմոնեան շալկած է այդ բեռը, ինչպէս շատ ուրիշներ, բայց Պէպօ Սիմոնեան գրականացուցած է զայն թուղթի վրայ, ինչպէս գեղանկարիչը պիտի վրձինէր պաստառին վրայ սեւ ու սպիտակ իր երանգապնակի գոյներով։ «Ակնթարթը» կարդալով, հարց տուի ես ինծի. քանի-քանիներ ապրեցան այդ բոլոր անդոհանքն ու անձկութիւնը, անորոշութիւնն ու ցաւը, սարսափն ու դառնութիւնը, անարդարութիւնն ու ընդվզումը, լքելու եւ մեկնելու իղձը, բայց քիչերը միայն զայն գրեցին այն հաւատքով ու յոյսի կառչածութեամբ, որ ներկայ է Պէպօ Սիմոնեանի տողերուն մէջ, իր հոգիին մէջ։ Ինք կը հաւատար, որ Լիբանանցին կարող էր տոկալ այդ դժնդակ օրերուն, միայն հաւատալով որ ձախորդ օրերը ձմրան նման կու գան ու կ’երթան։ Այդ հաւատքին վկայարանն է այս գիրքը։ Ինք կը հաւատար, որ Լիբանանեան Պատերազմին մէջ մարդկայնութիւնը մեռաւ, բայց ոչ՝ մարդը։ Իսկ մարդը կը մեռնի այն պահուն, երբ մեռնի յոյսը։ Ինք կառչած էր այդ յոյսին։ Այդ յոյսին վկայարանն է նաեւ այս գիրքը։ Այդ յոյսին կառչած մենք կը շարունակենք ապրիլ ու գործել այսօր մեր սիրելի Լիբանանին սրտի ու առօրեայի տրոփներով ու զարկերակով։ Կը հաւատանք որ մեր պատմութիւնն ալ ակնթարթ մըն է ժամանակի, իսկ մարդը՝ այդ ժամանակի ոգին է անկասկած։
ԽԱՉԻԿ ՏԷՏԷԵԱՆ
1 Յունիս 2012
ԿԱՄԱՐ, Թիւ 23-2015, էջ111-113։