Ս. Զատիկը Տիգրանակերտի Եւ Վագըֆի Մէջ
Պոլսոյ Հայոց Սահակ Բ. պատրիարք հօր հրամանով, Գէորգ Ա. քհնյ. Չնարեան Ս. Զատկի առթիւ, 8 Ապրիլին մեկնեցաւ Տիգրանակերտ։ Ս. Յարութեան տօնի տաղաւարի Ս. պատարագը մատուցուեցաւ տեղւոյն Ս. Կիրակոս եկեղեցւոյ մէջ, Գէորգ Ա. քահանային ձեռամբ։
Տեղւոյն հայերու մասնակցութեամբ մատուցուած Ս. պատարագին ընթացքին տէր հայրը կարդաց պատրիարքին տօնական պատգամը եւ հաղորդեց Տիգրանակերտի ժողովուրդին ուղղեալ խօսքը:
Յաւարտ Ս. պատարագի, սարքուեցաւ տօնական սիրոյ սեղան մը։ Կատարուեցան նաեւ Պսակի եւ Մկրտութեան խորհուրդներ։
Եկեղեցւոյ ծխական խորհուրդի ատենապետ Վարդգէս Էրկիւն Այըքի գլխաւորութեամբ, տեղացիներ շնորհակալութիւն յայտնեցին պատրիարքին, որուն հրահանգով տեղի ունեցաւ հովուական այս այցելութիւնը, որ հոգեւոր ուրախութիւն պատճառեց Տիգրանակերտի ժողովուրդին։
ՎԱԳԸՖԳԻՒՂ
Հաթայի երկրաշարժին պատճառով վնասուած էր Վագըֆգիւղի Ս. Աստուածածին գողտրիկ եկեղեցին, առ այդ, Ս. Յարութեան տօնի տաղաւարի Ս. պատարագը մատուցուեցաւ Եկեղեցւոյ սրահին մէջ, Հաթայի եկեղեցեաց հոգեւոր հովիւ եւ գաւառի տեսուչ Աւետիս քհնյ. Թապաշեանի ձեռամբ։
Աւետիս քհնյ.ն խրատական իր խօսքին մէջ ըսաւ, որ այս դժուար օրերուն պէտք է կեդրոնանալ Քրիստոսի Յարութեան պատգամին վրայ, որ ուժ պիտի տայ հաւատացեալներուն։
Յաւարտ Ս. պատարագի, նոյն սրահին մէջ սարքուեցաւ տօնական սիրոյ սեղան։
(Թղթակցութիւնը՝ պատրիարքարանէն)