Արտագաղթ
Թողած հողդ թանկագին,
Ուր պապերդ կը հանգչին
Եւ արմատներդ են խորին՝
Գացիր հեռուն, օտարին:
Թողած օճախդ ջերմիկ
Եւ օրրանդ, ուր մայրիկ
Օրօրներով քաղցըրիկ՝
Քեզ սնանեց իմ բալիկ:
Թողած ընկերք, ընտանիք,
Անկեղծ սէրդ քնքուշիկ,
Թողած յուշ ու յիշատակ՝
Այլոց դարձար մտերմիկ:
Թողած մարգերն հայրենի,
Բուրումնաւէտ ծաղիկներ
Եւ երփնաթոյր թռչուններ՝
Գաղթեցիր նոր աշխարհներ:
Թողած Մասիսն ալեհեր,
Արագածը անվեհեր
Եւ զուլալ ջուրն Սեւանի՝
Թափառեցար մութ ափեր…
Թողած վանքեր ու գանձեր,
Էջմիածին, խաչքարեր,
Թանկ պատմութիւն, Սուրբ Տառեր՝
Այլո՛ց եղար անձնուէր:
Թողած խաղողն զմայլիչ,
Ընտիր գինին զգլխիչ,
Դեղձ ու ծիրան մեղրահամ՝
Կեղծն զգացիր հրապուրիչ…
Թո՛ղ բարքերը խաբուսիկ,
Կառչի՛ր հողիդ ի՛մ բալիկ,
Եղի՛ր պաշտպանն ու ծառան՝
Հայաստանիդ անուշիկ…
Արամ Քէթէնճեան