Զապէլ Եսայեան գրագէտը. Դատումներ
Զ. Եսայեանի կին տիպարները հարուստ են բանաստեղծական զգայութեանց առատ մթերքով մը, որ Պոլսէն կուգայ բայց հեռու է կեղծօրէն սանթիմանթալ ռոմանթիզմէն: Մտածումներու խոր ու առատ սարուածներ հոգիին մերկութիւնները կը զարդանկարեն եւ հոգեկան տագնապին շուրջ կը ստեղծեն տարօրէն քաղցր ու բարձր ոլորտ մը, ժխտական հակումներն իսկ մեղմելով: Եսայեանի տիպարները կը խլեն մեր համակրանքը, երբեմն արցունքը, եւ միշտ մեր շահագրգռութիւնը: Անոնց դժբախտութիւնները, նկարագրին թերացումները, անկումները մեզ կը յուզեն: Միջակէն վեր ուղեղ մը միշտ պիտի սիրէ այդ կիները, անոնց մեղքերէն անդին, անոնց լրջութեան, խորութեան, մտքի ճոխ շնորհներուն, մանաւանդ սրտի անսպառ ջերմութեան համար:
Իր վէպերուն հոգեբանական յատակը, ենթահողը յաւիտենական զգացումն է: Եսայեանի վէպը ամէն բանէ առաջ սիրային աշխարհ մըն է: Հոն մեզի ներկայացող կին տիպարները կ’ատեն նախքան սիրելը, ու իրենց մէջն է զսպանակը զգացումին զոյգ երեսներուն: Իր կիները ազնուական, առնուազն ոչ-գռեհիկ հովի մը մէջէն կը քալեն դեպի իրենց ճակատագիրը: Երբեք չեն իյնար անխուսափելի հասարակութեան մէջ. որպիսին էր Պոլիսը դարու սկզբին: Տիկին Եսայեան մեծ բանաստեղծ մըն է իր վէպերուն մէջ:
Արեւմտահայ գրականութեան ամենէն կատարեալ գրագէտներէն մէկն է Եսայեան, եթե ոչ ամենէն կատարեալը: Իբրեւ տաղանդ ու իբրեւ գործունէութիւն, մանաւանդ իբր վաստակ լիովին արժանի է գրագէտի իր տիտղոսին:
Մեր գրականութեան մէջ ամենէն կանացի զգայնութիւնն է անիկա.- քնքշութիւն, գորով, գութ, վայելչութիւն եւ ճաշակ: Իր գործին երեք մեծ կեդրոնները կազմեցին Փարիզ, Պոլիս, Հայաստան, որոնց գոյները կը պահեն բնականութիւն, որքան տեղական հաստատ նկարագիր:
Զ. Եսայեանի մէջ հայ գրականութեան ամենէն սխրալի շնորհները, կանացի զգայնութեան ամենէն սրտայոյզ խռովքները ու մեր ժողովուրդի հոգիին ամենէն խորունկ սարսուռները իրարու կը միանան: Անիկա խղճմտանք մըն է, սիրտ մըն է, միտք մըն է, հաւասար ամրութեամբ ու արդարութեամբ: Տիկին Եսայեանի գործը ամբողջ մըն է: Անոր երկու մեծ բեւերները՝ անհատներու հոգին ու ժողովուրդներուն հաւաքական զգայնութիւնը ընդմիշտ նուաճուած կը մնան անխորտակելի գործերու մէջ:
Զ. Եսայեան արեւմտահայ գրականութեան ամենէն ամբողջ յաջողութիւնն է:
Յ. Օշական