ՍԷՐԴ ԱՊՐԻՄ ԱՆԷԱՆԱՄ
Խաչիդ դպչիմ,
Ցաւդ ճանչնամ,
Մեղքիս ցաւը՝ քեզ խաչ հանող,
Անձկութեան քեզ դատապարտող:
Մարմնիդ հպիմ արիւնաքամ, խոշտանգուած,
Առանց Աստուած, ամայացած հոգիդ գտնեմ,
Անձկութեանդ մէջ խորասուզուիմ,
Անձկութեանդ՝ խեղդող, խաւար:
Ամբոխին մէջ ես կորսուած՝
Հասնիմ քեզի,
Քղանցքիդ դպիմ,
Ու հպումէն ահեղ, հզօր,
էութեամբս ես ցնցուիմ,
Մաքրուիմ, բուժուիմ, վերածնիմ:
Շուքիդ հետեւիմ ես անբաժան,
Կրնկակոխ քայլս՝ քայլիդ,
Օրինակովդ առինքնուած,
Ենթարկուիմ, հնազանդիմ,
Դաստիարակուիմ:
Աչքերս հայեացքիդ,
Ամբողջ էութեամբս կեդրոնացած,
Հիացմունքով մագնիսացած՝
Գերիդ դառնամ, ստրկանամ:
Ականջս շշուկիդ,
Ձայնդ ճանչնամ,
Սուրբ խօսքովդ ես հաղորդուիմ,
Իմաստութեամբդ յորդիմ,
Խոստովանիմ, բաշխուիմ, նուիրուիմ:
Ծնկաչոք մտնեմ
Սրբութիւնն Սրբոց,
Վերջին շունչիդ հետ պատռուած,
Ու Աստուծմէ զիս բաժանած
Վարագոյրէն Սուրբ խորանին:
Հոն ճաշակեմ քաղցր մարմինդ պատարագուած,
Ըմպեմ անապակ արիւնդ վասն մեր հեղուած,
«Ի քաւութիւն եւ ի թողութիւն մեղաց»,
Ու փառաբանեմ, օրհներգեմ,
Մեծարեմ քեզ բազկատարած:
Լոյսիդ ձգտիմ,
Ու վեր յառնեմ,
Քեզի հասնիմ ու հաստատուիմ,
Սրբութեանդ մէջ թաթախուիմ,
Սիրտս՝ սրտիդ,
Հոգիս՝ հոգւոյդ,
Սէրդ ապրիմ, անէանամ՝
Գոյութեանդ անհունին մէջ լազուր,
Էութեանդ կապոյտին մէջ անհուն:
Ծովինար Յովակիմեան-Ղազարեան
Փորդլէնտ, Մարտ 18, 2023