ԵՐԱՆԻ ԹԷ…
Հրաշքներու չեմ հաւատար…
Բայց երանի, օր մը յանկարծ,
Աշխարհն ապրէր խաղաղութիւն…
Թող վերջ գտնէր՝ քէն ու պայքար..:
Սէրը դառնար վարակիչ բոց…
Մարդը ապրէր՝ անհոգ, անխոց…
Չարը մոռնար՝ յոռի արարք,
Զինք կոչէինք մենք՝ բարեգործ…:
Նախանձ մարդը, ըլլար ազնիւ,
Քինախնդիրն՝ մոռնար չարիք…
Բարբարոսը դառնար պարկեշտ,
Բաշխէր իր շուրջ՝ գութ ու բարիք..:
Գիշատիչը, իսկոյն դառնար,
Լոկ ընտանի ու հնազանդ…
Իսկ գազաններն յայտնի, վայրագ՝
Չունենային… ժանիք երկար..:
Ազգեր բոլոր, երկինքի տակ,
Թող դառնային միշտ հաւասար…
Զօրաւորը յոխորտանքով
Ալ չճզմեր տկարն իսպառ..:
Զէնք ու զրահ թող վերնային,
Անհետանար՝ ամէն սարսափ…
Թող երկինքը անձրեւէր սէր…
Փակ չմնար ոչ մէկ սահման..:
Արեւի տակ այս երկինքի
«Բարեւ» ըսէր՝ մարդը մարդուն,
Նոյն վայրկեանին թող հրաշքով՝
Բացուէր ամէն դարպաս ու դուռ..:
Ամէն տունէ ներս թող ցնծար,
Ուրախութիւն, հրճուանք հազար…
Ու աշխարհի մանուկներուն
Բարօրութեան յոյսը ժպտար..:
Ու ամէն տան ճոխ սեղանին,
Յորդէր գինին… երգ ու տաղով…
Իսկ Աստուծոյ օրհնութիւնը,
Ողջ մարդկութեան նշխարհ դառնար.:
Կոչնակներէն միշտ յաղթօրէն,
Խաղաղութեան ձայն ղօղանջէր…
Եւ աչքերէն վար մայրերուն,
Երջանկութեան արցունք թափէր..:
Չեմ հաւատար հրաշքներու…
Երանի թէ, ես սխալիմ…
Տեսնեմ աշխարհն մեր խաղաղած…
Տեսնեմ մարդը՝ ես ՄԱՐԴԱՑԱԾ…:
ՀԱՄԲԻԿ ՄԱՐՏԻՐՈՍԵԱՆ