Ղ ա տ
կը երգ կ’երգէ
բեմին վրայ
որդեգրելով լեզու մը որ
հասկնալի է բոլորէն
գէթ առաջին մակարդակին
( էջին վրայ կը վերածուի նշանագրի՞)
պլա պլա պու պի պլու պա պլի պա
վեր վեր վար վեր
վար վար վեր վար
ատկէ անդին կը սիրերգէ՞
յղացք մը որ բաց է ամբողջ
ամբողջովին
եւ յոտնկայս բան
կը բանայ կամ կը բանէ
տարբերակներ խոր ձայնային
խորհրդաւոր անլուծելի
ստեղծող ի՞նչ
տաղ տաղերգող հէ՜յ կաքաւիկ
մատ մատ մատնող
ներքին խռովք
տա՞մ քեզ նուէր
մտիր ներքին հիւսկէններուն վարար ձայնին
ձգտումներու միտումներու այս խառնուրդին
բացութեան մէջ ազատարար
շնչէ ազատ
տար տառեր վառ
խըլ կամ խլուած
բաց երախէն մութ տարրերքին
տորոն որդան կարմիր այրող
կամ բռնկած լեզուին վրայ
այրող գօտի ( լա՜ւ այրեցեալ )
տարաշխարհիկ պտուղներու
կեղեւներուն մէջ փաթթուած
փնտռող իմաստը բառերուն
անհեթեթին մէջ այս հսկայ
կապող հնչիւնը բառին հետ
կամ մէկ այլ տարբեր
համաձայնական հասկացողութեան
տաղ շրջուած տ ա ր տ ղ ն ո ւ ա ծ
լեզուին նման
զայն գործածող մարդոց տակաւ
անդիմացող
հուր հոն հոսող իրմէ քեզի
ձայնէն եկող հին կախարդանք
յուռութք հմայեակ
լեզու որ քեզ դեռ կ’աքսորէ
այլուրային տեղ մե եզրին
որմէ անդին մղձաւանջն է կորուստներու
անցում լեզուի մը շատ տարբեր
շրջապատէն անհասկնալի կամ հասկնալի՞
որու փշածածկ շրջագծին մէջ
մէկ այլ օտարում կը սպասէ քեզի
յիշատակդ այս գիշեր ոչ մէկ ձեւով կը յուզէ
կարծես ջնջուած ես մտքէս ոչ մէկ ատեն դուն կայիր
բառ բռնաբարուած
բռնի թխմուած կոկորդդ ի վար
բայց սէր քեզ կ’երգեմ
այդքան համարձակ աներեսօրէն
կ’երփեղկուիմ քեզի հետ
կը հասուննամ եւ կը հասնիմ քեզի հետ
հետ յետ քեզի հետք անհետք
յատակագծի ան նշան
կը ջրվիժի ձայնը շարունակ
թքած բոլոր եւ բոլորի կարծիքներուն
իր հարազատ տաղը կ’երգէ
կամ կը փնտռէ
միշտ անձկութեան սահմաններուն
ուր պրկումը կրնայ հասնիլ
փրթելու կամ կտրուելու աստիճանին
լեզուի մը պէս բզկտուած
բայց ձգախէժ են բառերը
հնչիւնները ձիգ ու իրաւ
կապող բռնող համբոյրի պէս
եւ բռնկող բերնէ բերան
տարբերակներ զորս
շրջումին հետ պէտք է ընտրես
ահա կը մտնես ձեռներէցօրէն
ձայներէցօրէն
ձայնաթելերով հիւսուած քօղին տակ
ծիածանող քեզ
ծին ծնծիղ ծնծղայ
Յարութիւն Պէրպէրեան