Արա Մածունեան

Արա Մածունեան 1990-էն առ այսօր, ֆիլմարուեստի բնագաւառին մէջ ստեղծագործող անկախ արտադրող եւ բեմադրիչ Արա Մածունեան հեղինակ է աւելի քան մէկ տասնեակ վաւերագրական ֆիլմերու եւ ֆիլմաշարերու, որոնց կարեւոր մէկ մասին մէջ արժէքաւոր վկայութիւններ արձանագրուած են հայկական իրականութեան տարբեր երեսներուն մասին՝ պատմական թէ այժմէական դիտանկիւններէն։ Ան սինեմաթոկրաֆըր է, թատերական հեղինակ, դերասան, լուսանկարիչ եւ համալսարանի դասախօս։ Արա Մածունեանի հեղինակած վաւերագրական ֆիլմերուն շարքին…

«Չկայ, Չէ Եղած Երբեք Զօհրապ Գրագէտը»

«Չկայ, Չէ Եղած Երբեք Զօհրապ Գրագէտը» Տաղանդաւոր գրագէտ Յակոբ Օշականի զաւակը՝ Վահէ Օշական, աններելի մեղք մը գործած էր, «Բագին»ի մէջ հրատարակելով յօդուած մը գրագէտ, նորավէպերու անմրցելի վարպետ եւ մեծանուն նահատակ Գրիգոր Զօհրապին դէմ: Չգտնուեցաւ ընթերցող մը, մտաւորական կամ ոչ-մտաւորական խաւերէն, որ գայթակղած չըլլար կարդալով այդ յօդուածին մէջ տեղ գտած արտառոց, ծանրօրէն վիրաւորական եւ տրամաբանութեան հետ…

Նոր կենցաղ՝ նոր տարածք. առցանց Արեւմտահայերէնին թափը

Նոր կենցաղ՝ նոր տարածք. առցանց Արեւմտահայերէնին թափը (ա./գ. մաս) Երկխօսութիւն՝ առցանց հարթակներու վրայ հայատառ արեւմտահայերէնով արտայայտութեան երեւոյթին հետ Նախաբան Աւելի քան տարի մը առաջ, համաճարակին հետեւանքով պարտադրուած ինքնարգելափակումը այլակերպեց մեր օգտագործած ֆիզիքական թէ՛ թուային տարածքները։ Մեր առջեւ գոցուած դռները կարելիութիւն տուին մեզի կտրելու տարբեր սահմաններ եւ ստեղծելու (կամ վերստեղծելու) տարածքներ, որոնց գոյութիւնը մեր կեանքին մէջ նոյնքան…

Լոյս Տեսաւ Ժիրայր Դանիէլեանի «Մատենագիտութիւն Ընդդէմ Ցանկագրումի «Լիբանահահայ Գիրքը…» (Յաւելուած)» Հատորը

Լոյս Տեսաւ Ժիրայր Դանիէլեանի «Մատենագիտութիւն Ընդդէմ Ցանկագրումի «Լիբանահահայ Գիրքը…» (Յաւելուած)» Հատորը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Անթիլիասի Մայրավանքի տպարանէն լոյս տեսաւ Գէորգ Մելիտինեցի Գրական Մրցանակի 102-րդ հրատարակութիւնը՝ «Մատենագիտութիւն Ընդդէմ Ցանկագրումի «Լիբանահահայ Գիրքը…» (Յաւելուած)», աշխատութեամբ՝ Ժիրայր Դանիէլեանի եւ խմբագրութեամբ՝ Կարօ Յովհաննէսեանի։ Հատորը կը պարունակէ յաւելումներ, մատնանշումներ, սրբագրութիւններ եւ անհրաժեշտ ցանկեր, որոնց մասին իր յառաջաբանին մէջ կը մանրամասնէ Դանիէլեան՝…

Սրբոց Թարգմանչաց Վարժարան

Սրբոց Թարգմանչաց Վարժարան Երկսեռ երկրորդական (միջնակարգ) դպրոց (1952 թուականէն), հիմնուած է 1929 թուականին, Երուսաղէմի մէջ, Եղիշէ Դուրեան պատրիարքի ջանքերով եւ անոր առաջարկով ալ անուանակոչուած՝ ի յիշատակ Մեսրոպ Մաշտոցի եւ Սահակ Պարթեւի։ Կառուցուած է ժառանգաւորաց վարժարանին եւ մատենադարանին կից։ Մանկապարտէզին եւ նախակրթարանին մէջ բոլոր առարկաներու ուսուցումը կը տարուի հայերէն։ Միջնակարգին մէջ հայոց լեզուն (գրաբար եւ աշխարհաբար),…

Շրուանդ Եւ Շրշիւն

Շրուանդ Եւ Շրշիւն 1.Շրուանդ Պատկերացուցէք, որ ողկոյզ մը խաղող կ’ուտէք   եւ  ի վերջոյ կուլ կու տաք   անոր վերջին հատիկն ալ. ձեր մտքէն անցա՞ծ է երբեւիցէ, թէ ինչպէ՞ս պէտք է կոչել այն   հատազուրկ  կմախքը, որ կը պատրաստուիք աղբանոց նետել: Կը թուի,  թէ չէք մտածած…  ճիշտ այս տողերը գրողին պէս: Իսկ մեր լեզուն, իմա՝ մեր նախնիները  շատ…

Ակնայ երգիչը՝ Թորոս Ազատեան

Ակնայ երգիչը՝ Թորոս Ազատեան 15 նոյեմբեր 1955 թուականին կը մահանայ հայագէտ, խմբագիր, գրող եւ հասարակական գործիչ Թորոս Ազատեան: Պոլսոյ եւ արտասահմանի պարբերականներուն աշխատակցած մտաւորականը իր անխախտ հետքը ձգած է հայ մշակոյթի պատմութեան մէջ, գործելով ոչ միայն Պոլիս, այլ նաեւ՝ Լիբանան: Հնագոյն մամուլին մէջ ցրուած են անոր յօդուածները: Թերթելով հայրենի գիտնական Պախտիար Յովակիմեանի «Հայոց ծածկանուններու բառարան»ը,…

Անթիլիասի Մայրավանքի Տպարանէն Լոյս Տեսաւ Պերճուհի Աւետեանի «Մատնահետքեր»ը

Անթիլիասի Մայրավանքի Տպարանէն Լոյս Տեսաւ Պերճուհի Աւետեանի «Մատնահետքեր»ը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Գէորգ Մելիտինեցի Գրական Մրցանակի թիւ 103-րդ հրատարակութեան կ՚արժանանայ Պերճուհի Աւետեանի «Մատնահետքեր»ը։ Հատորը կ՚ամփոփէ Աւետեանին փորձութիւնները, ապրումներն ու ներաշխարհը՝ Սուրիոյ պատերազմին ընթացքին եւ անկէ ետք։ Օրագիրի ոճով ներկայացուած սոյն հատորը ընթերցողը դէմ յանդիման կը դնէ աղէտներու հետեւանքով բխած մարդկութիւնը, ինչպէս նաեւ՝ հայութիւնը յուզող հարցերու հետ.-…

Պրիւքսէլի մէջ տեղի ունեցած «Գրականութեան համար ԵՄ մրցանակ» 2021 թուականի մրցանակիրներուն շարքին է հայ գրող Արամ Պաչեանը

Պրիւքսէլի մէջ տեղի ունեցած «Գրականութեան համար ԵՄ մրցանակ» 2021 թուականի մրցանակիրներուն շարքին է հայ գրող Արամ Պաչեանը Նոյեմբեր 9-ին Պրիւքսէլի մէջ՝ «Ֆլաժէ» մշակութային կեդրոնէն ներս տեղի ունեցաւ «Գրականութեան համար ԵՄ մրցանակ» 2021 թուականի մրցանակաբաշխութիւնը՝ ի նշանաւորում տասներեք երկիրներու դափնեկիրներուն։ Անոնց շարքին է հայ տաղանդաւոր գրող Արամ Պաչեանը իր «P/F» փորձարարական վէպով: Նախաձեռնութեան նպատակն է եւրոպական…

Լիբանանահայ հրատարակչատուները այսօր՝ ընթերցասիրութեա՞ն թէ՞ շուկայական տագնապ

Լիբանանահայ հրատարակչատուները այսօր՝ ընթերցասիրութեա՞ն թէ՞ շուկայական տագնապ Լիբանանահայ գրեթէ բոլոր հաստատութիւններուն նման, հայկական հրատարակչատուն-տպարանները կ’ապրին տագնապալի օրեր, որոնք ոչ միայն կապուած են վերջին երկու տարիներու տնտեսական եւ առողջապահական ցնցումներուն, այլեւ բաւական ետ երթալով՝ ընդհանրապէս նահանջի նշաններ սկսած են ցոյց տալ 90-ական թուականներէն սկսեալ, բացի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան հրատարակչատունէն, որ կը շարունակէ գրեթէ բնականոն գործել:…