Ֆրանսայի Քուրպըվուա Քաղաքին Մէջ՝ Հայոց Ցեղասպանութեան Զոհերուն Նուիրուած Յուշարձան
Ֆրանսայի Քուրպըվուա Քաղաքին Մէջ՝ Հայոց Ցեղասպանութեան Զոհերուն Նուիրուած Յուշարձան 15 Ապրիլին, Ֆրանսայի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութիւնը մասնակցեցաւ Փարիզի մերձակայքը գտնուող Քուրպըվուա քաղաքին մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան 108ամեակին նուիրուած յիշատակի ձեռնարկին, զոր կազմակերպած էր Քուրպըվուայի քաղաքապետական խորհուրդը՝ աւագանիի անդամ Ժան-Ժագ Սարաճեանի եւ Ֆրանսայի համար մարտնչած ֆրանսահայ զինուորներու ընկերակցութեան հետ: Այս մասին կը հաղորդէ Ֆրանսայի մէջ Հայաստանի դեսպանութիւնը՝…