ԿՈՒ ԳԱՄ
Կու գամ
Շշուկով
Սպասումիդ աւարտը երգելու
Կու գամ
Ժպիտով
Պահերուդ քաղցրութիւնը հիւսելու
Կու գամ
Յուշերու պսակը գլխուս
Նոր յուշերու արահետներ բանալու
Կու գամ
Որ աչքերուս մէջ
Երազներդ վերթեւեն
Կու գամ
Հոգուս մերկութեամբ
Որ աշխարհներս զարդարես
Կու գամ
Բնութեան մեղկութեամբ
Որ բառերդ հրայրքով պարուրուին
Կու գամ
Որ քնքշօրէն
պահերս յորինես
Կու գամ
Որ աշխարները
Երամներու պէս ճախրին
Հոն՝
Ուր միայն ես կամ
Եւ
Դուն…
ՀՐԱՆԴ ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ
Նիւ Եորք