2023 տարեշրջանի «Զարմանազան» արեւմտահայերէնով ամառնային ծրագիրը

«Զարմանազան 2023» 2023 տարեշրջանի «Զարմանազան»ը՝ արեւմտահայերէնով ամառնային ծրագիրը տեղի պիտի ունենայ Ֆրանսայի Ալպեան լեռներու «Օթ-Սաւուա» կոչուած շրջանին մէջ, 11 Յուլիսէն 6 Օգոստոս։ Կրնաք արդէն իսկ ձեր դիմումը կատարել։ «Զարմանազան»ը այն վայրն է, ուր Սփիւռքի մանուկները, պատանիները, երիտասարդները, ուսուցիչները եւ ուղեկիցները կը հաւաքուին եւ լեզուն հաճոյքով կ՛ապրին։ Ծրագիրը ունի երեք բաղադրիչներ, որոնք սերտօրէն փոխկապակցուած են. –…

Դոկտ. Աբէլ Քհնյ. Մանուկեանի Զոյգ Գիրքերուն Նուիրուած Շնորհահանդէս

Դոկտ. Աբէլ Քհնյ. Մանուկեանի Զոյգ Գիրքերուն Նուիրուած Շնորհահանդէս Ուրբաթ, 13 Յունուար  2023, երեկոյեան ժամը  7.30-ին, ի ներկայութիւն  Մեծի Տանն  Կիլիկիոյ  Ն.Ս.Օ.Տ.Տ.  Արամ  Ա.  Վեհափառի  ներկայացուցիչ գերաշնորհ Կոմիտաս Արք. Օհանեանի, Լիբանանի Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Շահէ Արք. Փանոսեանի, Գերապայծառ Գէորգ Ասատուրեանի, պետական երեսփոխան տիար Յակոբ Բագրատունիի, հայ  քաղաքական կուսակցութիւններու, ազգային-բարեսիրական, հասարակական, երիտասարդական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներու եւ  պատկառելի  բազմութեան…

Քաթիա Գարակէօզեանի «Արգիլեալ Հայրենիք» Գիրքին Գինեձօնը՝ Կլենտէյլի Հանրային Գրադարանին Մէջ

Քաթիա Գարակէօզեանի «Արգիլեալ Հայրենիք» Գիրքին Գինեձօնը՝ Կլենտէյլի Հանրային Գրադարանին Մէջ Նախաձեռնութեամբ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի կրթական հարցերու բաժանմունքին, Կիրակի, 22 Յունուարին, կ.ե. ժամը 3-5, տեղի պիտի ունենայ նշեալ բաժանմունքի անդամներէն Քաթիա Դաւիթեան Գարակէօզեանի «Արգիլեալ Հայրենիք. Սփիւռքահայու Մը Պատմութիւնը» (Forbidden Homeland, Story of a Diasporan) հատորին գինեձօնը եւ ներկայացումը Կլենտէյլի Հանրային կեդրոնական գրադարանին մէջ (222…

Պէյրութի մէջ. «Հայկազեան» համալասարանի կազմակերպած գիտաժողովը պսակուեցաւ մեծ յաջողութեամբ

Պէյրութի մէջ. «Հայկազեան» համալասարանի կազմակերպած գիտաժողովը պսակուեցաւ մեծ յաջողութեամբ Հայկազեան Համալսարանի Հայկական Սփիւռքի Ուսումնասիրութեան Կեդրոնի կազմակերպած «Հայերը Արաբական Ծոցի Երկիրներուն Մէջ» գիտաժողովը աւարտեց իր աշխատանքները: Պաշտօնական բացման հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ Երեքշաբթի, 6 Դեկտեմբեր 2022 կ. ետք ժամը 3ին, ներկայութեամբ Հայկազեան Համալսարանի նախագահ վեր. դոկտ. Փոլ Հայտօսթեանի, ԱՄԷի եւ շրջակայից հայ առաքելական թեմի առաջնորդ  հոգշ. Տէր…

Շիրակի մարզային գրադարանին մէջ բացուած է իտալական գրականութեան բաժին

Շիրակի մարզային գրադարանին մէջ բացուած է իտալական գրականութեան բաժին Շիրակի մարզպետ Նազելի Բաղդասարեանը, ՀՀ-ի մէջ Իտալիոյ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Ալֆոնսօ Տի Րիզոյի, դեսպանութեան եւ մարզային իշխանութեան ներկայացուցիչներու հետ ներկայ գտնուած է Շիրակի մարզային գրադարանի իտալական գրականութեան բաժնի բացման։ Ողջունելով ներկաները` մարզպետը նշած է, որ կը կարեւորէ համագործակցութիւնը եւ ուրախալի համարած, որ գործակցութիւնը գործնական բնոյթ…

Պոլսոյ մէջ. Արա Կիւլէր եւ Արա Գօչունեան աւագ ուշադրութեան կեդրոնին

Պոլսոյ մէջ. Արա Կիւլէր եւ Արա Գօչունեան աւագ ուշադրութեան կեդրոնին Արա Կիւլէրի անունը, ոչ միայն  Թուրքիոյ, այլ նաեւ   համաշխարահյին մակարդակով կը շարունակէ մնալ ուշադրութեան կեդրոն։ Այս ծիրէն ներս օրերս Պոլսոյ մէջ  տեղի ունեցած է  բացումը ուշագրաւ ցուցահանդէսի մը,  որուն հիմնական   առանցքը  կը հանդիսանայ մեծն Արա Կիւլէրի արուեստի  աշխարհը։ Այս մասին կը տեղեկանանք Պոլսոյ  «Ժամանակ»էն։ Ստորեւ…

Իզմիրէն գաղթը վաւերագրող ցուցահանդէս՝ Մարսէյլի մէջ

Իզմիրէն գաղթը վաւերագրող ցուցահանդէս՝ Մարսէյլի մէջ «Նոր Յառաջ»էն կը կարդանք՝ Թերթիս 1778 թիւէն սկսեալ (13 Սեպտեմբեր 2022) ծաւալուն յօդուածով մը պարոն Արմէն Քիւրքճեան հանգամանօրէն անդրադարձած էր ճիշդ հարիւր տարի առաջ 1922 Սեպտեմբերին պատահած՝ չքնաղ Իզմիրի աղէտին, որու հետեւաքներով ալ ծայր առաւ տակաւին Թուրքիոյ մէջ մնացած, Եղեռնէն վերապրածներու զանգուածային արտագաղթը։ Ստեփան Պօղոսեան ալ թիւ 1734-ի (2…

Մինա Շիրվանեանի Անուան Կրթանպաստներու Հիմնադրամը 15 Համալսարանական Ուսանողներու Կ՛աջակցի

Մինա Շիրվանեանի Անուան Կրթանպաստներու Հիմնադրամը 15 Համալսարանական Ուսանողներու Կ՛աջակցի ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի յառաջացուցած «Մենք ենք Գիւմրին» յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ յստակացած են 2022-2023ի կրթական տարեշրջանին համար Մինա Շիրվանեանի անուան կրթանպաստները ստացող համալսարանական ուսանողներու անունները, որոնց թիւը այս տարի բարձրացած է 15ի: Հայաստանի Շիրակ մարզէն ուսանողներու յատուկ այս կրթանպաստներու հիմնադրամը հաստատուած էր հանգուցեալ Յակոբ…

«Օրօրայի Լուսաբացը»՝ Շարժանկարային Ֆիլմը Asia Pacific Փառատօնին Լաւագոյնը

«Օրօրայի Լուսաբացը»՝ Շարժանկարային Ֆիլմը Asia Pacific Փառատօնին Լաւագոյնը «Օրօրայի Լուսաբացը» ֆիլմը արժանացաւ «Լաւագոյն Շարժանկարային ֆիլմ» մրցանակին՝ Asia Pacific Screen Awards փառատօնին ընթացքին: Այս մասին կը հաղորդէ Հայաստանի շարժանկարի գործիչներու միութիւնը՝ շնորհաւորելով ֆիլմի բեմադրիչ Իննա Սահակեանը եւ ստեղծագործական կազմը: Ըստ միութեան՝ ֆիլմը ընդգրկուած է Թալինի միջազգային փառատօնի մրցութային ծրագրին մէջ: Ֆիլմի Պալթեան անդրանիկ ներկայացումը պիտի կատարուի…

Նոր գիրք՝ Իսթանպուլի հայութեան մասին

Նոր գիրք՝ Իսթանպուլի հայութեան մասին Ինչպէ՞ս կ’ապրին Թուրքիոյ հայերը, ի՞նչ խնդիրներ, մտահոգութիւններ ունին, ինչպէ՞ս հնագոյն Պոլիս քաղաքին մէջ կը պահպանուին հայերէնը, հայկական մշակոյթը եւ ի՞նչ ջանքեր կը գործադրեն այնտեղի հայերը՝ ազգային դիմագիծը չկորսնցնելու համար: Ինչո՞ւ այնտեղ ապրող հայերէն ոմանք կը գերադասեն թրքերէն խօսիլ, իրենց երեխաները ուղարկել օտար դպրոցներ, ի՞նչ գին ունի անվտանգութիւնը…  Լրագրող, հրապարակախօս Սագօ…