Արեւմտահայերէն գրականութեան անկիւն` Երեւանի մէջ

Արեւմտահայերէն գրականութեան անկիւն` Երեւանի մէջ   Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան հովանաւորած հրատարակութիւնները եւ շատ մը այլ արեւմտահայերէն գիրքեր կրնաք գտնել ArtBridge Bookstore-Cafe & Restaurant-ի «Արեւմտահայերէն գրականութեան անկիւն»-ին մէջ՝ Պըլտեան, Օշական, Որբունի, Սարաֆեան, Զարեան, Նշանեան, Ալիքեան, Պէշիկթաշլեան եւ աւելին, ինչպէս նաեւ մանկապատանեկան գրականութիւն։

Հնդկահայ գաղութին բաբախող սիրտը

Հնդկահայ գաղութին բաբախող սիրտը   Երեւանի «Նարեկացի» արուեստի միութեան մէջ նշուեցաւ Կալկաթայի Հայոց մարդասիրական ճեմարանի 200-ամեակը: Հանդիսութեան մասնակիցներու շարքին էին ներկայ եւ նախկին աշակերտներ, ուսուցիչներ, հոգեւոր եւ կրթական մշակներ: Զուգահեռ հանդիսութիւն մը կազմակերպուած էր նաեւ Հնդկաստանի մէջ։ Կալկաթայի ճեմարանէն ներս ներկայ էին հնդիկ ուսուցիչները, տեսչութիւնը, հնդկահայոց վարչութիւնը, ինչպէս նաեւ հնդակահայ համայնքէն անդամներ: Հեռավար կարգով իրարու…

Ազգային գրադարանային շաբաթը 20 տարեկան է

Ազգային գրադարանային շաբաթը 20 տարեկան է Ազգային գրադարանային շաբաթն այս տարի յոբելենական էր: 20-րդ տարին ըլլալով, շաբաթն այս տարի կրկին համախմբեց Հայաստանի գրադարանային համայնքը՝ Երեւանի եւ մարզերու մէջ, ընդգրկելով հանրային, մարզային, գիտական, համալսարանական եւ այլ գրադարաններ: Նման շաբաթ կայացնելու նպատակը հասարակութեան զարգացման գործին մէջ գիրքի եւ գրադարաններու դերն ու նշանակութիւնն ընդգծելն ու  կարեւորելն է: Ապրիլ…

Առնօ Պապաճանեան – 100 Ամեակ

Առնօ Պապաճանեան – 100 Ամեակ Յունուար 27ին Շիրակի մարզային գրադարանին մէջ օրը Պապաճանեանական էր, նոր տարուայ առաջին միջոցառումը նուիրուած էր մեծանուն հայ երգահան, դաշնակահար, ԽՍՀՄ ժողովրդական արթիսթ, պետական մրցանակներու դափնեկիր Առնօ Պապաճանեանի ծննդեան 100 ամեակին: