Լոյս տեսաւ Հայոց Ցեղասպանութեան 108-ամեակին նուիրուած «Հորիզոն»ի յատուկ յաւելուածը

Լոյս տեսաւ Հայոց Ցեղասպանութեան 108-ամեակին նուիրուած «Հորիզոն»ի յատուկ յաւելուածը Լոյս տեսաւ «Հորիզոն»ի Հայոց Ցեղասպանութեան 108-ամեակին նուիրուած յատուկ յաւելուածը։ Այս թիւին մէջ հրապարակուած յօդուածներու շարքին են դոկտ. Խաչիկ Տէր Ղուկասեանի «Ցեղասպանութիւնը քաղաքական օրակարգի վրայ», Վրէժ Արմէնի «Ազդել եւ հակազդել» Ճորճ Աբէլելեանի «Հայոց իսլամական աշիրաթը» յօդուածները, հայրենի պատմաբան Էդիկ Մինասեանի հետ «Հորիզոն»ի հարցազրոյցը եւ այլ յօդուածներ։ Անգլերէն…

«Բագին»-ի Գրական Ժառանգութիւնը` Թուայնացած ու Առցանց Հասանելի

Հաղորդագրութիւն. «Բագին»-ի Գրական Ժառանգութիւնը` Թուայնացած ու Առցանց Հասանելի Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան պաշտօնաթերթ «Բագին» գրական գեղարուեստական հանդէսը իր 60-ամեակը կը բոլորէ դարու պահանջներուն գոհացում տալով եւ իր ամբողջական գրական արխիւը թուայնացնելով: Աւելի՛ն. «Բագին»-ի աւելի քան քառասուն հազար թուայնացած էջերը տեղադրուած են «Բագին»-ի նորաստեղծ www.pakine.net կայքէջին վրայ` լիովին որոնելի համակարգով: Մինչեւ 2021 թուական «Բագին»-ի իւրաքանչիւր հրապարակուած…

Շնորհահանդէս Դոկտ. Մինաս Գոճայեանի «Փիւնիկեան Ափերէն» Հատորին

Մինաս Փիւնիկի «Փիւնիկեան Ափերէն» Հատորին Շնորհահանդէսը Հինգշաբթի, 23 Մարտի երեկոյեան, Արեւմտեան թեմի առաջնորդարանի համալիրի «Արմէն Համբար» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ գաղութիս ծանօթ կրթական մշակ, թերթերու խմբագիր եւ աշխատակից,  հասարակական գործիչ՝ դոկտ. Մինաս Գոճայեանի (Փիւնիկ) «Փիւնիկեան Ափերէն» հատորին շնորհանդէսը։ Ձեռնարկը կազմակերպուած էր ՌԱԿի Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութեան կողմէ, մասնակցութեամբ առաջնորդարանի «Զուարթնոց» մշակութային մարմինին, ՀԲԸՄի Մելգոնեան կրթական…

Մեծարանքի Երեկոյ՝ Նուիրուած Յակոբ Չոլաքեանի 75-Ամեակին

Մեծարանքի Երեկոյ՝ Նուիրուած Յակոբ Չոլաքեանի 75-Ամեակին Երեւանի մէջ, Ամերիկայի Հայ աւետարանչական ընկերակցութեան (ԱՀԱԸ) հիւրընկալ յարկէն ներս, խումբ մը քեսապցի եւ մուսալեռցի երիտասարդներու կազմակերպութեամբ, տեղի ունեցաւ մեծարանքի երեկոյ մը, նուիրուած՝ վաստակաշատ մանկավարժ եւ ուսուցիչ, լեզուաբան, հայագիտութեան անխոնջ նուիրեալ, բանասէր, բարբառագէտ, պատմաբան, ազգագրագէտ, պատմական գիտութիւններու դոկտոր՝ Յակոբ Չոլաքեանի 75-ամեակին առիթով: Արդարեւ, Յակոբ Չոլաքեանի մեր ներկայ իրականութեան մեծագոյն…

Արեւմտահայերէն բանաստեղծութիւններու առցանց փառատօն՝ Բանաստեղծութեան համաշխարհային օրուան առթիւ

Արեւմտահայերէն բանաստեղծութիւններու առցանց փառատօն՝ Բանաստեղծութեան համաշխարհային օրուան առթիւ Խանդավառուած անցեալ տարի փառատօնի հանդէպ դրական եւ քաջալերական արձագանգէն, Շիրակի Մարզային Գրադարանը, 21 Մարտ, 2023-ին՝ Բանաստեղծութեան համաշխարհային օրուան առթիւ, այս տարի եւս կը կազմակերպէ արդէն աւանդական միջոցառում դարձած ՝ «Արեւմտահայերէն Բանաստեղծութիւններու Փառատօն»ը, առցանց ձեւաչափով: Փառատօնը նախատեսուած է արեւմտահայերէնով ստեղծագործող անհատներու եւ գրողներու համար: Փառատօնի հիմնական նպատակն է արեւմտահայ գրողները…

Խաչիկ Տէտէեանի «Երազէն Անդին» Գ. Հատորի Շնորհահանդէս

Խաչիկ Տէտէեանի «Երազէն Անդին» Գ. Հատորի Շնորհահանդէս Հովանաւորութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեանի, կազմակերպութեամբ «Ազդակ» օրաթերթի խմբագրակազմին, չորեքշաբթի, 22 փետրուար 2023-ին երեկոյեան ժամը 7:30-ին «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Խաչիկ Տէտէեանի «Երազէն անդին» Գ. հատորին շնորհահանդէսը: Ձեռնարկին բացման խօսքը արտասանեց Քրիստ  Խրոյեան, որ անդրադարձաւ բանաստեղծութեան ժանրին, ուր տողերն ու նախադասութիւնները կրնան չկէտադրուիլ,…

Լոյս Տեսաւ Լիլի Որբերեանի Ասեղնագործութեան Նուիրուած Հատորը

Լոյս Տեսաւ Լիլի Որբերեանի Ասեղնագործութեան Նուիրուած Հատորը 2022ի վերջաւորութեան լոյս տեսաւ Մարաշի ասեղնագործութեան վարպետ Լիլի Որբերեանի (1918-2008) ստեղծագործութիւններուն նուիրուած հատորը: 1994ին, մայրաքաղաք Ուաշինկթըն մէջ, Միացեալ Նահանգներու այդ օրերու առաջին տիկնոջ՝ Հիլըրի Քլինթընի ձեռքով National Endowment for Arts-ի բարձրագոյն մրցանակին` Master Artist-ին արժանացած Լիլի Որբերեանի նուիրուած հատորին հրատարակիչն է անոր զաւակը` Հրաչ Որբերեան, իսկ ձեւաւորողն է…

Լոյս տեսած է Վրէժ-Արմէնի «Ոստայն 17-Գրքապատում» հատորը

Լոյս տեսաւ Վրէժ-Արմէնի «Ոստայն 17-Գրքապատում» հատորը Դեկտեմբեր 2022-ին լոյս տեսաւ գանատահայ գրող Վրէժ-Արմէնի առցանց նոր հատորը, որ 65 տարուան վրայ գրուած յօդուածներու ժողովածու մըն է՝ կեդրոնացած գրքերու վրայ։ Հատորը կը պարունակէ 67 գրութիւններ, երկուքը անտիպ՝ բաժնուած հինգ գլուխներու՝ ժամանակագրական խմբաւորումներով (400 էջ): Իր յառաջաբանին մէջ հեղինակը դիտել կու տայ, որ «Հորիզոն»-ի խմբագրութիւնը վարած օրերուն ան գրած…

Արցախի Նուիրուած Հրայր Խաչերեանի Լուսանկարներու Հատորը Պիտի Ներկայացուի Ֆրեզնոյի Մէջ

Արցախի Նուիրուած Հրայր Խաչերեանի Լուսանկարներու Հատորը Պիտի Ներկայացուի Ֆրեզնոյի Մէջ ՖՐԵԶՆՕ.- Քալիֆորնիոյ նահանգային համալսարանի Ֆրեզնոյի մասնաճիւղին մէջ գործող Հայագիտական ծրագիրին կազմակերպութեամբ, յայտնի լուսանկարող Հրայր «Բազէ» Խաչերեան Ուրբաթ, 3 Փետրուարին, երեկոյեան ժամը 7էն սկսեալ պիտի ներկայացնէ Արցախի նուիրուած լուսանկարներու իր նոր հատորը՝ Artsakh: The Photographer’s Eye!-ը։ Լիբանան ծնած, իսկ այժմ գանատաբնակ Խաչերեան 1992էն ի վեր լուսանկարած…

Կատարուեցաւ «Հայկազեան Հայագիտական Հանդէս»ի 2022 Տարուան Զոյգ Գիրքերուն Շնորհահանդէսը

Կատարուեցաւ «Հայկազեան Հայագիտական Հանդէս»ի 2022 Տարուան Զոյգ Գիրքերուն Շնորհահանդէսը Հինգշաբթի, 19 Յունուար 2022ի երեկոյեան, Հայկազեան համալսարանի հանդիսասրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Հայկազեան Հայագիտական Հանդէս»ի (ՀՀՀ) 2022 տարուան (42րդ հատոր) զոյգ գիրքերուն (42/1 եւ 42/2) շնորհահանդէսը՝ ներկայութեամբ Հայկազեան համալսարանի նախագահ վեր. դոկտ. Փօլ Հայտոսթեանի, հանդէսի հնագոյն աշխատակից, Հայաստանի Հանրապետութեան Գիտութիւններու ազգային ակադեմիոյ արտասահմանեան անդամ պատմաբան պատուակալ դոկտ.…