Երկձեւ բառեր

Երկձեւ բառեր Պէտք է նկատած ըլլաք, որ աշխարհաբարը կը կիրարկէ կարգ մը  երկձեւ բառեր: Այս երկձեւութիւնը հետեւանք է զանազան  գործօններու: Ան  երբեմն կը գտնուի մեր երկու բարբառներէն նոյնին մէջ, երբեմն երկուքին հաւասարապէս, իսկ երբեմն ալ յատուկ է անոնցմէ մէկուն կամ միւսին միայն: Տեսնենք այսպիսիներէն մէկ քանին: –Գագաթնաժողով եւ գագաթաժողով Բառիս արմատը կու գայ գրաբարէն, ուր…

Պէյրութի մէջ. «Հայկազեան» համալասարանի կազմակերպած գիտաժողովը պսակուեցաւ մեծ յաջողութեամբ

Պէյրութի մէջ. «Հայկազեան» համալասարանի կազմակերպած գիտաժողովը պսակուեցաւ մեծ յաջողութեամբ Հայկազեան Համալսարանի Հայկական Սփիւռքի Ուսումնասիրութեան Կեդրոնի կազմակերպած «Հայերը Արաբական Ծոցի Երկիրներուն Մէջ» գիտաժողովը աւարտեց իր աշխատանքները: Պաշտօնական բացման հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ Երեքշաբթի, 6 Դեկտեմբեր 2022 կ. ետք ժամը 3ին, ներկայութեամբ Հայկազեան Համալսարանի նախագահ վեր. դոկտ. Փոլ Հայտօսթեանի, ԱՄԷի եւ շրջակայից հայ առաքելական թեմի առաջնորդ  հոգշ. Տէր…

Պոլսոյ «Սանասարեան խան» շէնքը 92 տարի անց պիտի վերադարձուի հայկական հիմնադրամին

Պոլսոյ «Սանասարեան խան» շէնքը 92 տարի անց պիտի վերադարձուի հայկական հիմնադրամին Թուրքիոյ Սահմանադրական դատարանի որոշմամբ Պոլսոյ մէջ գտնուող «Սանասարեան խան» անուամբ յայտնի շէնքը, որ 1930-ին բռնագրաւուած էր թրքական պետութեան կողմէ, 92 տարի անց պիտի վերադարձուի հակական «Սանասարեան»  հիմնադրամին: Այս մասին, ինչպէս հաղորդած է «Արմէնփրէս»-ը, յայտնած է թրքական t24-ը: Թրքական Sözcü թերթի հաղորդած տեղեկութեան համաձայն պետութեան…

Վահան Զանոյեան. Թէ Ի՞նչպէս Վերագտայ Զինք եւ Ո՞վ է Ան

Վահան Զանոյեան. Թէ Ի՞նչպէս Վերագտայ Զինք եւ Ո՞վ է Ան Հեռաձայնը հնչեց, ընկեր մըն էր. –Ու՞ր ես, կրնա՞ս գալ: –Հեռու եմ, չեմ կրնար գալ, ուշ է արդէն: –Ուշ չէ, եկուր մեծ անակնկալ ունիմ քեզի: –Վահրամի (Դաւթեան) հետ եմ, Ռուբէն Աբովեանի  մօտ, որ Մերձաւան գիւղը կ’ապրի: –Ո՞ւր է ատիկա: –Էջմիածնի ճանապարհին… : –Շատ հեռու չէ, մենք…

Կիրակնօրեայ Վարժարաններ

Կիրակնօրեայ Վարժարաններ 1929-ին Համաշխարհային Կիրակնօրեայ Դպրոցներու Ամերիկեան ընկերութիւնը խորհրդաժողով մը կազմակերպած է Լիբանանի Պաալպաք շրջանին մէջ: Այս խորհրդաժողովին հրաւիրուած էր նաեւ Հայ Եկեղեցին: Սահակ Բ. Խապայեան Ծերունազարդ Կաթողիկոսը Բաբգէն Ա. Կիւլէսէրեան Աթոռակից Կաթողիկոսը նշանակած էր, ներկայացնելու Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը: Սոյն խորհրդաժողովին որոշում առնուած է Կիրակնօրեայ Վարժարաններ հիմնել, Հայ Եկեղեցւոյ առաջնորդութեամբ: Որպէս տնօրէն ընտրուած է…

Արեւմտահայերէնը շատ արիւն կորսնցուց, անհրաժեշտ է որ թթուածին ներարկենք անոր․ Շառոյեան

Արեւմտահայերէնը շատ արիւն կորսնցուց, անհրաժեշտ է որ թթուածին ներարկենք անոր․ Շառոյեան   Լեւոն Շառոյեան իրաւմամբ համայն հայաշխարհի տարողութեամբ արեւմտահայերէնի եւ արեւմտահայ գրականութեան լաւագոյն մասնագէտներէն է: Շառոյեանի գրականագիտական գործերէն են. «Դեգերումներ Հայ Գիրի եւ Պատմութեան Գետեզրին» հսկայածաւալ երեք հատորները, որոնք լոյս տեսած են Սուրիոյ տագնապի տարիներուն, Հալէպի մէջ: Ուղղագրական կանոններու, բառագիտութեան եւ կէտադրութեան մասին իր «Գրականաշունչ…

120-ամեակ Արմենուհի Գեւոնեանի… եւ իր մէկ գրութիւնը

120-ամեակ Արմենուհի Գեւոնեանի… եւ իր մէկ գրութիւնը Այս տարի լրացաւ 120-ամեակը հայ երգչուհի, կրթական, մշակութային գործիչ, Մշոյ աշխարհի դուստր եւ «Տարօնի սոխակ» Արմենուհի Գեւոնեանի (ծնեալ՝ Տէր-Կարապետեան): Արգասաւոր կեանք ապրած հայուհին կեանքէն հեռացած է 100 տարեկանին, ուստի 2022 թուականը նաեւ անոր մահուան 20-րդ տարին է: Յայտնի է, որ ան դուստրն է գրող, ազգային գործիչ, լրագրող, Օսմանեան…

Շիրակի մարզային գրադարանին մէջ բացուած է իտալական գրականութեան բաժին

Շիրակի մարզային գրադարանին մէջ բացուած է իտալական գրականութեան բաժին Շիրակի մարզպետ Նազելի Բաղդասարեանը, ՀՀ-ի մէջ Իտալիոյ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Ալֆոնսօ Տի Րիզոյի, դեսպանութեան եւ մարզային իշխանութեան ներկայացուցիչներու հետ ներկայ գտնուած է Շիրակի մարզային գրադարանի իտալական գրականութեան բաժնի բացման։ Ողջունելով ներկաները` մարզպետը նշած է, որ կը կարեւորէ համագործակցութիւնը եւ ուրախալի համարած, որ գործակցութիւնը գործնական բնոյթ…

Ոտանաւորի «տուն»ը եւ տեսակները

Ոտանաւորի «տուն»ը եւ տեսակները Բանաստեղծութիւնը՝ Արշակ Բանուչեանի «Տուն»ը ոտանաւորի ներքին բաժանումն է, որ ընդհանրապէս կ’ունենայ  չորս տող, երբեմն աւելի, երբեմն պակաս: Ահաւասիկ՝ անոր այլազան  կաղապարները. ա) Քառատող եւ քառեակ Ուրեմն չորս տողէ բաղկացած տարբերակը, որ եւ ամէնէն ընրհանրացածն է,   կոչուած է քառեակ: Քառեակը, ինչպէս նաեւ միւսները, որ պիտի տեսնենք, ենթադրուած է կազմել ներքին միութիւն մը, ամբողջութիւն մը, աւարտուն խօսք…

Պոլսոյ մէջ. Արա Կիւլէր եւ Արա Գօչունեան աւագ ուշադրութեան կեդրոնին

Պոլսոյ մէջ. Արա Կիւլէր եւ Արա Գօչունեան աւագ ուշադրութեան կեդրոնին Արա Կիւլէրի անունը, ոչ միայն  Թուրքիոյ, այլ նաեւ   համաշխարահյին մակարդակով կը շարունակէ մնալ ուշադրութեան կեդրոն։ Այս ծիրէն ներս օրերս Պոլսոյ մէջ  տեղի ունեցած է  բացումը ուշագրաւ ցուցահանդէսի մը,  որուն հիմնական   առանցքը  կը հանդիսանայ մեծն Արա Կիւլէրի արուեստի  աշխարհը։ Այս մասին կը տեղեկանանք Պոլսոյ  «Ժամանակ»էն։ Ստորեւ…