Երբ եկաւ ազգային գրական լեզու մը ունենալու ժամանակը…
Երբ եկաւ ազգային գրական լեզու մը ունենալու ժամանակը… 1.Վերաբերիլ Արեւմտահայերէնի այս մէկ բայաձեւին դիմաց արեւելահայերէնը ունի երկուքը՝ վերաբերել եւ վերաբերուել (վերաբերվել): Ան ունի երկու հիմնական նշանակութիւն՝ ա. պատկանիլ, առնչուիլ, կապ ունենալ, ուղղուիլ, ժողովրդախօսակցական ոճով՝ խառնուիլ. –Անոնց ակնարկութիւնը քեզի կը վերաբերի: –Այդ գրութիւնդ կը վերաբերի հովուերգական սեռին: բ. վարուիլ, վերաբերում ցոյց տալ. –Պէտք է զգուշ վերաբերիս (վերաբերուես) մեծաւորիդ հանդէպ: –Նայած թէ տիրուհին ինչպէս կը վերաբերի (կը վերաբերուի)…