Հայերէնի իրանական փոխառութիւնները (գ)
Հայերէնի իրանական փոխառութիւնները (գ մաս) Քանի մեր բերած իրանական փոխառութիւնները ընդհանրապէս ժողովրդախօսակցական բնոյթ ունին, հետաքրքրական է գիտնալ, թէ ի՛նչ ձեւ ու տեսք ունեցած են անոնք իրենց փոխառութեան օրերուն՝ յարաբերաբար փոխատու լեզուներուն՝ պարսկերէնին եւ պահլաւերէնին: Մեծաթիւ օրինակներ ցոյց կու տան, որ մեր փոխառութիւնները միշտ նոյնահունչ չեն եղած փոխատու լեզուի բառերուն հետ. հետաքրքրուողը կրնայ աչք մը նետել…