Կինը
Որ կամաց կամաց վերածուեցաւ խոտի
Խաղ
Կին – կոն – կոտ – խոտ
Կինը նայեցաւ յուշերով
Կոնաձեւ էին
Կոտով չափեց ու տեսաւ
Նուազած բայց խտացած
Ճառագայթող մարգրիտ
Իսկ էութեամբ
Թրթռացող ցօղի կաթիլ
Մատղաշ ու թարմ տերեւին
Ցաւ
մոռցեր էր թարմութիւնը
անձրեւներուն գրգիռը կողերուն
գինովցնող բոյրը
մայրամուտի խարխաբին մէջ
կիսալուսին էր
չամբողջացած
ծնած էր ամենէն գեղեցիկ հովիտին մէջ
աշնանային օր մը
մոռցուած թեւակոտոր հեռացող
երազներու սէրէն
վայրի նժոյգներ կային վարգող
անոնց աչքերուն մէջ կարդացեր էր
տենդը խենթ գիշերներուն
առանց գիրերը ճանչնալու
առանց հեգելու
արեւը խանձեց զինք
լուսինը փայփայեց
եւ հողը միշտ թարմ մնաց կողերուն
եւ որովհետեւ հողը միշտ թարմ
մնաց կողերուն
ինք ալ վերածուեցաւ խոտի
եւ ամէն գարնան
նորովի կը կանաչի
Մարուշ Երամեան