Լեւոն Շանթի Անաւարտ Ուղեւորութիւնը՝ Մարդուն Փնտռտուքը Հայուն Մէջ
Մաս Ա. Լեւոն Շանթ. Կեանքը՝ Յարատեւ Ձգտում Ինքնակատարելագործման Լեւոն Շանթ անվերապահօրէն արդի հայ գրականութեան եւ մշակոյթի մեծագոյն դէմքերէն է՝ ապրելով եւ տեւաբար գործելով հայ կեանքի յառաջապահ դիրքերուն վրայ: Լեւոն Շանթ իր բացառիկ տեղը կը գրաւէ 19րդ դարու վերջաւորութեան եւ 20րդ դարու հայ մշակոյթի պատմութեան ու հասարակական եւ կրթական կեանքին մէջ՝ միաժամանակ իբրեւ գրող, թատերագիր, մանկավարժ, փիլիսոփայ…