«Տիգրանակերտի Պատմիչը»՝ Մկրտիչ Մարկոսեան Իր Մահկանացուն Կնքեց
«Տիգրանակերտի Պատմիչը»՝ Մկրտիչ Մարկոսեան Իր Մահկանացուն Կնքեց Անցնող շաբաթավերջին, 84 տարեկանկին մահացաւ հայ գիւղագրութեան վերջին ներկայացուցիչներէն մէկը հանդիսացող տիգրանակերտցի նշանաւոր գրող Մկրտիչ Մարկոսեան, կը հաղորդէ «Արաս» հրատարակչութիւնը՝ նշելով, որ Մարկոսեան «Արաս»ի հիմնադիրը եղած է, «որ Յակոբ Մնձուրիէն ստացած ժառանգութիւնը արժեւորեց մեծապէս»: Մկրտիչ Մարկոսեան ծնած է 1938ին, Տիգրանակերտի այսպէս կոչուած «Կեաւուրի թաղ»ին մէջ, որ ապագային դարձաւ…