ԱՆԾԻՐ ԴԱՇՏԻՆ ՄԷՋ
Կը փայլփլին
Համրացած զանգերը տաճարներուն
Անծայրածիր դաշտերուն մէջ լքուած
Արեւալոյս է անհունին մէջ
Կիսափուլ տուներէն ներս
Աղօթքի խունկ սպասում
Զանգակատան վրայ խաչ ու գողգոթայ
Անծայրածիր դաշտին մէջ ոչ մէկ կարեկցանք
ՁԱՅՆ ՏՈՒՐ ԾԱՌ 2016
Մարիանա Պէրթիզլեան Ղազարեան