«ԵԹԷ»
բանաստեղծական հատորի շարքէն
Կարօ Արսլանեան
Այս երգը երգ չէ, արիւնոտ վէրք է,
Դարաւոր կիրք է եւ արհաւիրք է.
Այս երգը դէմքէդ պոկուած ժպիտ է,
Համբոյրներուդ պէս զուլալ, վճիտ է,
Կարօտիդ պէս բորբ, անվերջ թռիչք է:
Այս երգը քու սրտիդ դռները թակող
Եւ հայեացքներուդ ցոլքով յագեցող
Ծարաւ, որբուկ է,
Այս երգը անցեալէն ապագայ վազող
խենթ արշալոյս է,
Անխարդախ յոյս է:
Այս երգը փախչող իմ ոտնաձայնն է,
Եւ առանձնութեան սիրտը զովացնող
Մոռցուած արցունք,
Բազմաձայն սիրոյ կեանքի նոր բարձունք: