ՔԵՐԹՈՒԱԾԸ, ԼՌՈՒԹԻՒՆԸ
Խաչիկ Տէր Ղուկասեան
Վաւերական ոչինչ
ըսուածին հարազատ ոչ մէկ բառ
և կայուն ոչ մէկ իմաստ
տողանցումի անհաւասար կշռոյթին:
Եւ սակայն խօսքը,
ամբողջական ու բացարձակ,
կա՛ր:
Մինչև որ արմատներէդ
տարագիր
մոռցուած օր մը հեռացար:
Եւ սկսաւ
այս յաւերժական թափառումը լեզուին մէջ:
Տառապանքը հիմա
-կը գրես-
ներկայ է մշտական
անցեալի մարող արձագանգին ընդմէջէն:
Ժամանակը այլևս
բացակայութեանդ հայելիին մէջ
բազմացող պատկերն է լքումներուդ,
և ճակատագիրը՝
նոյն, միևնոյն տենչանքդ՝
քերթուածին վերջին լռութեան հասնելու: