Անաւարտ Պատերազմը Արցախի
Գիժ էր հովը գերեվարուած այդ օրին
Երբ արեւը մեր սարերէն դուրս տարին,
Շաղն առտուան արցունքի պէս կաթեցաւ
Վրան զոհին, որ մօր արցունք չունեցաւ…
Երէկ էր դեռ բիլ կապոյտ կար երկինքին,
Հերոսները հասեր էին բարձունքին,
Կարծես ոգին Դաւիթ Բէկի, Նժդեհի
Կապեր էին հայոց սիրտերը իրար…
Բայց հովը իժ թրքալեզու վայրենի
Բնաջնջեց ծաղիկները սարերուն,
Ո՜հ ներեցէք հերոսներուն լուս’հոգի
Որ չկրցան ծաղիկ բերել մայրերուն…
Բայց լսեցէք դուք երդումը ողջերուն
Պիտ’ անպայման ետ տուն բերեն արեւին,
Եռագոյնով պիտ’ բարձրանան սարերուն
Ու խոստացուած ծաղիկով գան մայրերուն…
11.11.2020