ԿԱՆԱՉ ԳԱՐՈՒՆՍ
Հոգիս իր հանդիպած գարնան,
Ծաղիկներ քաղեց անհամար,
Վարդերը գգուեց, համբուրեց,
Որպէսզի ծնին երազներս անհամար:
Հոգիս իր հանդիպած գարնան,
Մտքէս չոր ու ամայի,
Ջերմութիւն բաշխեց բոլորին,
Որպէսզի ապրին ու բազմանան:
Ապա հոգիս իր հանդիպած գարնան,
Հաւաքեց իմ սէրերը կարօտագին,
Ու յոյս խառնելով երազին,
Յանձնեց գիշերուան կապոյտին:
Ու անկէ ետք, հոգիս իր հանդիպած գարնան,
Մէկ առ մէկ զատեց անձկագին,
Ու պահեց այն մէկը միայն,
Որ միշտ յոյս բերած էր իր երազին:
Ու այն օրէն ի վեր, հոգիս իր հանդիպած գարնան,
Մերժեց բոլոր գարունները անհամար,
Ու պահեց իբրեւ զարդ՝ կանաչ գարունդ միայն,
Դո՛ւն, բոլոր գարուններուս միակ գարունը անմահ:
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ