Տիկին Պիաթրիս
նախաբան
շուտով քսեց
շրթունքին կարմիրը
մատներով շտկրտեց
մազերուն գանգուրները
դէմքը քիչ մը թեքեց`
դէպի աջ,
լուսանկարողին համար`
դէպի ձախ,
ապա
պրկուած ժպիտ մը
գծագրեց դէմքին
նայելով անդին
ոչ ոքին
պէտք էր փաստէր
աշխարհին
կեանքին
ժամանակին
բոլորին
թէ գեղեցիկ էր տակաւին
ու երջանիկ
դիտեց Տիկին Պիաթրիս
պատառ մը երջանկութիւնը պատկերին
ու գոհունակ
վերադարձաւ
իր մոխրագոյն առօրեային
ա
ապակիները մաքրեց
Տիկին Պիաթրիս՝
իր պատուհանէն
չքնաղ աշխարհ մը
տեսնել ուզեց
ապակիները
մաս մաքուր էին
սակայն մաքրելը
շարունակեց
ապակիները մաքրեց
Տիկին Պիաթրիս՝
իր պատուհանէն
չքնաղ աշխարհ մը
տեսնել երազեց
բ
փնտռեց
Տիկին Պիաթրիս
փնտռտեց
ամեն տեղ
փնտռածը
ի՞նչ էր
ինքն ալ
չէր գիտեր
փնտռածը
ո΄չ գիտցաւ
Տիկին Պիաթրիս
ոչ ալ գտաւ
գ
ամեն առաւօտ
կը հագուէր
կը շքուէր
իսկ ամուսինը
զարմացած կը հարցնէր`
ո՞ւր կ’երթաս
Պիաթրիս
ոչ մէկ տեղ`
կը պատասխանէր
Տիկին Պիաթրիս
ու հագուած շքուած
կը դիմաւորէր
իր նոր օրը
դ
ամեն առաւօտ
դրան ետեւ
նոր փորձանք մը
կը յայտնուէր
Տիկին Պիաթրիս
ուզէր չուզէր
սա դուռը
պէտք էր բանար
սակայն կարեւորը
իրեն համար
այն փոքրիկ թռչունն էր
որ սուրճի գաւաթին մէջ
կը յայտնուէր
ամեն առաւօտ
դուռը բանալէն առաջ
Տիկին Պիաթրիս
սուրճը կը խմէր
եւ մրուրին մէջի
փոքրիկ թռչունին
բարի լուրին կը սպասէր
ե
Տիկին Պիաթրիս
երբ խմորեղէն կը պատրաստէր
յանկարծ հիւր մը
իրենց դուռը կը թակէր
կարծես
նախազգացում մը կ’ունենար
թէ անակնկալ
հիւր մը պիտի գար
Տիկին Պիաթրիս
երբ խմորեղէն կը պատրաստէր
երեսին հիւրընկալ
ժպի΄տ մը կը նախշուէր
զ
պնակները
ամենայն բծախնդրութեամբ
ի΄նք ընտրած էր
Տիկին Պիաթրիս
գուրգուրանքով կը գործածէր
իսկ եթէ յանկարծ
պնակ մը կոտրէր
սիրտն ալ հետը կը կոտրէր
կարծես իր կեանքէն
հոգի մը կը նուաղէր
սակայն ասի
շատ շատոնց էր
այլեւս
երբ պնակ մը կոտրէր
Տիկին Պիաթրիս
չէր տխրեր
ընդհակառակը
իր կեանքէն պարզապէս
հոգ մը կը նուազէր
Է
կը դիտէր
Տիկին Պիաթրիս
աման լուացող
երիտասարդ տղամարդիկը
ու կը յուզուէր
ա՛խ
ինչո՞ւ այսքան կանուխ ծներ էր
եթէ քիչ մը աւելի ուշ աշխարհ գար
չէ՞ր ըլլար
յուզուած կը դիտէր
Տիկին Պիաթրիս
ու կը մտածէր
թէ ինք արդեօք
ի՞նչ պիտի ընէր
եթէ տղամարդ մը
իր ամանները լուար
վստահաբար
կողքը պիտի կանգնէր
ու լուացած ամանները
մէկիկ մէկիկ
պիտի ստուգէր
ը
եթէ պէտք էր ընտրէր
երկուքէն մէկը`
ամուսինը
կամ լուացքի մեքենան,
Տիկին Պիաթրիս
անշուշտ կ’ընտրէր
լուացքի մեքենան
առանց ամուսինի
կեանքը
ասանկ անանկ
կը շարունակուէր
սակայն առանց լուացքի մեքենային
Տիկին Պիաթրիսին կեանքը
տեղն ու տեղը
կանգ կ’առնէր
Տիկին Պիաթրիս
իր լուացքի մեքենայով
հին ու նոր աշխարհին
անհատնում մեղքերը
կը լուար
անվերջ
թ
երբ սառնարանը
պարապ ըլլար
Տիկին Պիաթրիս
կը խենթանար՝
պարապ սառնարանով
տուն կ’ըլլա՞ր
անշո΄ւշտ չէր ըլլար
իսկ երբ սառնարանը
կը լեցուէր
Տիկին Պիաթրիս
կը յուզուէր՝
աշխարհի երեսին
անթիւ անօթիներ
գլուխը հանգիստ
ինչպէ՞ս բարձին դնէր
Տիկին Պիաթրիսին
տրամադրութիւնը
միշտ կախուած էր
լեցուն կամ պարապ
իր սառնարանէն
ժ
շատ կը յոգնէր
Տիկին Պիաթրիս
երբ ամուսինին հետ
արձակուրդի կ’երթար
արձակուրդէն
երբ կը վերադառնար
ամուսինէն արձակուրդ կ’առնէր
ու կը հանգստանար
ժա
իր տարիքը կը յիշէր
Տիկին Պիաթրիս
ու կ’ընկճուէր
ամեն անգամ
երբ ամուսինին նայէր
ստիպուած
Տիկին Պիաթրիս
կամ առաստաղը կը դիտէր
կամ ալ սալայատակը
երբ ամուսինին հետ խօսէր
ժբ
Տիկին Պիաթրիս
շուրջը կը դիտէր
ու կը շուարէր՝
տխրէ՞ր
թէ ուրախանար
իր ամուսինը
եղածներուն մէջ
ամենէն լաւը՝
լաւագո΄յն ամուսինն էր
Տիկին Պիաթրիս
շուրջը կը դիտէր
ու չէր գիտեր՝
ուրախանա՞ր
թէ տխրէր
ժգ
անկողինները
շատոնց բաժնած էր
Տիկին Պիաթրիս
այսպէս պատշաճ էր
թէ΄ իրեն համար
թէ΄ ամուսինին
ամեն մէկը
ունէր
իր բարձը
իր վերմակը
եւ իր երազը
չնայած
երազողը միայն
Տիկին Պիաթրիսն էր
ժդ
Տիկին Պիաթրիս
շատ ջանք կը թափէր
որ ամուսինը
իր երազներուն մէջ
մուտք չգործէր
Տիկին Պիաթրիս
ի զուր ջանք կը թափէր
ամուսինը
իր երազներուն մէջ
միշտ ներկայ էր
ժե
Տիկին Պիաթրիս
անշուշտ
ամուսինին անունը կը կրէր
ինչո՞ւ ընդուներ էր
ինքն ալ չէր գիտեր
այն ժամանակ
այդպէս էր
հիմա ըլլար
անշուշտ
իր անունը կը պահէր
չնայած
իր անունն ալ
հօ΄րը անունն էր
վերջաբան
հանդուրժել ամուսինին
դարձեր էր անհնար
ինք ասոր համա՞ր
եկեր էր աշխարհ
Տիկին Պիաթրիս
ամանները կը լուար
ու կը տրտնջար
եթէ այսօրուան խելքը ունենար
անշո΄ւշտ չէր ամուսնանար
իսկ երբ օր մը
ամուսինը անհանդուրժելի
աւանդեց իր հոգին
Տիկին Պիաթրիս
նստաւ տրտմագին
եւ վշտահար
հիւսեց անվերջ
գովքը
լուսահոգի իր ամուսինին
անահիտ
2020