ԸՆՏԱՆԵԿԱՆ
Դարձեալ մեծ մայրս է
Որ հնավաճառին օձիքին կառչած
Իր հին լաթերուն հետ
Հին ցաւերն ալ ծախել կ’ուզէ
Ներսի սենեակը
Մայրս խոր շունչ մը կ’առնէ
Հօրս իրմէ պահած
Ծխախոտի տուը
Յայտնաբերելուն առթիւ
Հայրս
Ճոճուող բազկաթոռին վրայ
Կը փորձէ ինք զինք գտնել
Անխաղընկեր աչքխփուկ խաղցող
Տղեկի մը պէս
Քոյրս
Եղբօրս հանդերձներուն հետ
Իր ճմռթկուած երազներն ալ կ’արդուկէ
Ատենը մէկ ինքնամոռաց
Ձեռքը այրելով
Եղբայրս
Ընկերներուն պնդումով
Անգամ մը եւս կը քանդէ
Երբէք չլեցուող իր գանձանակը
Գողի մը զգուշութեամբ
Մինչ ես
Կարմիր գծիկներով լեցուն
Վիճակացոյցիս մէջ
Մօրս ստորագրութիւնը կը կեղծեմ
Սարգիս Քէլ Խաչերեան