Թամար Գասպարեան Արսլանեան – Երեւան

Ի՞նչն է գաղտնիքն…    Ի՞նչն է գաղտնիքն այս Հալէպին,  Զարմացուցեր է աշխարհին,  Գորշ օրերուն արհաւիրքի,  Կ’արժանանայ դեռ հմայքի:    Ի՞նչն է գաղտնիքն ամրոցին մեր,  Ո՛չ երկնահաս շքեղ շէնքեր,  Ոչ ալ՝ պէս-պէս արդի վայրեր,  Այլ՝ հնութիւն, հիւրընկալ սէր:    Ի՞նչն է գաղտնիքն տաքուկ սիրոյն,  Կը թափանցէ խորը հոգւոյն,  Կը կլանէ միտքը  իսկոյն,  Կը պարուրէ սիրտն զգայուն:    Ի՞նչն է գաղտնիքն հպարտ հողին,  Տուն կը կանչէ իր պանդուխտին,           Որ վայելելով  բարիքն այլին,  Ան կը հիւսէ՜ փառքն Հալէպին:    Ի՞նչն է գաղտնիքն իր այդ օդին,  Թէպէտ սեւ մուխ ու ծուխ հոտի,  Կը յայտնուի զուլալ ոգին,  Ուր կը խայտան կեանքն ու հոգին:    Ի՞նչն է գաղտնիքն ջրին համով,  Հայաստանի գետին բոյրով,  Երբ որ ըմպես դառնաս գինով,  Չես յագենար օտար ջրով:    Ի՞նչն է գաղտնիքն հալէպցիին,  Կ’ըսեն կառչած է անցեալին,  Կ’ապաւինի իր բնազդին  Ու մարդկային գութ գորովին:    Ի՞նչն է գաղտնիքն մայր գաղութին,  Պահապանը մշակոյթին,      Դէմ յանդիման լուրջ վտանգին՝  Թափը կու տայ նոր զարթօնքին:    Ի՞նչն է գաղտնիքն հայ համայնքին,  Համբերանքին, տոկուն կամքին,  Յոյսեր տածած  նոր գալիքին,  Կը հաւատայ միշտ հրաշքին:    Թամար Գասպարեան Արսլանեան  Գանձասար   Մարտ դ. 2014 

Գրիգոր Պըլտեան – Փարիզ

ՆՈՅՆԸ      աւազի բլուրներէն ծուխեր կու գան ճերմակ  կը ծածկեն հետքերը բլուրներու  տեղաշարժ ու ջնջումը տեղաշարժին  երբեմն  քուրջեր կը յայտնուին աղի մազի խոպոպներ եւ դեռ  խաւերը քաղաքի աղբին  մեռել մը որ կը մնայ հոն անթաղ  աննեխելի   ու զմռսուած  կը դիտես  պիտի չկրնաս նայիլ անոր դէմքին  թերեւս նմանիք իրարու  թերեւս անկրելին  օ վայր բերնին մէջ ձայնին ահաւորութեան  ուր արեւը խրեցաւ ծագումին  օ վայր սկզբնական եւ ան-  յօդելի  բայց չյիշել  ոչինչ որ ըլլար յիշելի  եղանք մոռացումը աշխարհին  թերեւս նոյն բլուրները կու գան նախկին անխօս աւազներէն      Գր. Պըլտեան, ՎԱՅՐԵՐ, Փարիզ 1983

Արա Ճուհարեան – Քինկսթաուն

Շաքարաման  ***  կ’ուզեմ կախուիլ պատշգամի ճաղերէն  թացնալ անձրեւէն  չորնալ հովէն   բայց մարդիկ պիտի այլայլին այս նոր   զարմացական նշանէն   աւելի լաւ է մտնեմ սենեակս   եւ կախուիմ   շարունակականութենէն    ***  ես եւ ես փողոց իջանք միասին  ես անհետացայ մերկ – փողոցի վերջաւորութեան  իսկ ես – հագուստներով տուն վերադարձայ  տանս ծաղիկները ջրեցի  ***  սէրը երազ էր – մնաց  մենք չմնացինք – իրական էինք   սիրոյ շաքարները մնացին   շաքարամանին մէջ    ***  մարգագետինը կապոյտ է  երկինքը կանաչ   երդիքը անգոյն   ծուխը վարդագոյն   եւ կ’ուրախանաս   գոյները փոխած ըլլալուդ համար    ***  թռչունները երբ ճռուողեն վիթխարի ծառերուն մէջ  չեն երեւիր   կարծես ծառերը կը ճռուողեն թռչուններուն փոխարէն   քար կը նետեմ ծառին   որ թռչունները թռչին  թռչին որ երեւին   եթէ թռչունները չթռչին   չեն երեւիր         ***  ես կորսնցուցի ճամբան   դուն գտար ճամբան   որովհետեւ ուրիշ բան չունէի կորսնցնելիք  որովհետեւ ուրիշ բան չունէիր գտնելիք  որովհետեւ ամէն ինչ ճամբորդութիւն է  որովհետեւ ամէն ինչ ճամբորդութիւն է     ***  գիտնալու համար զիս  պիտի փորես հողը մինչեւ արմատներս   եւ պիտի տեսնես թէ  ճիւղերս ու արմատներս գրեթէ նոյն տեսքը ունին  …

Ազնիւ Գարալէքեան Միքայէլեան – Պէյրութ

Բարեւ Քեզ Երջանկութեան մայրաքաղաք ու ձանձրոյթի արքայութիւն, Բարեւ քեզ, հնադարեան վառ բարեւ… Փառատօնն ես հազարդարեան անուրջներով իմ անանուն Եւ անորոշ ապրումներուս երջանկութեան երկիրն ես դուն: Անկունքներէ հեռաւոր Գետեր կուգան վարարուն, Գետեր կուգան կամրջընկէց, տարփաձայն… Գետեր սանձող կամուրջ եմ ես, կամո’ւրջդ եմ ես: Գետերուն մէջ երազներ կան: Յաւերժական անդունդին ափն անծանօթ Եւ այդ ափին ապարանքներ հետախուզող…

Արեւմտահայերէն բանաստեղծութիւններու առցանց փառատօն՝ Բանաստեղծութեան միջազգային օրուան առթիւ

Արեւմտահայերէն բանաստեղծութիւններու առցանց փառատօն՝ Բանաստեղծութեան միջազգային օրուան առթիւ Շիրակի Մարզային Գրադարանը նախանձախնդիր ըլլալով արեւմտահայերէնի պահպանման, զարգացման եւ մայր հայրենիքի մէջ արեւմտահայերէնով գրականութեան եւ մշակոյթի հանրահռչակման (www.arevmtahayeren-shmg.am/), եւ շարունակելով հայաստանեան բնակչութեան համար Արեւմտահայերէնը մատչելի ու ընկալելի դարձնելու իր առաքելութիւնը, #ԲանաստեղծութեանՄիջազգայինՕրուան առթիւ՝ 21 Մարտ 2022-ին, կը կազմակերպէ «ԱՐԵՒՄՏԱՀԱՅԵՐԷՆ ԲԱՆԱՍՏԵՂԾՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՓԱՌԱՏՕՆ»՝ նախատեսուած արեւմտահայերէնով ստեղծագործող անհատներու եւ գրողներու համար: Փառատօնի հիմնական…

Վեհանոյշ Թեքեանի «Կին՝ Ատեան Եւ Մատեան» Հատորը

Վեհանոյշ Թեքեանի «Կին՝ Ատեան Եւ Մատեան» Նոր Հատորը «Ասպարէզ» – Քերթողական եւ արձակ կտորներու «Կին՝ Ատեան Եւ Մատեան» հաւաքածոն Վեհանոյշ Թեքեանի վաստակին մէջ կիներու մասին խօսող արտադրութեան մէկ ճաշակն է։ Հոն կը ներկայանան այլատեսակ կիներ՝ տարբեր մշակոյթներէ, ցամաքամասերէ, ու ընկերային յարաբերութեանց ժամանակաշրջաններէ։ Անոնք իրե՛նց հոգեխառնութեամբ եւ ձայնով կը դիմակայեն սովորականն ու անսովորը, տարբեր պետութիւններու օրէնքները,…

«Հայերը նեղոսի ափերուն». Գահիրէի մէջ նոր հատոր՝ հայութեան մասին

«Հայերը նեղոսի ափերուն». Գահիրէի մէջ նոր հատոր՝ հայութեան մասին Գահիրէի միջազգային գրքի ցուցահանդէսին  ներկայացուած է հայերու մասին արաբերէնով նոր գիրք մը  «Հայերը Նեղոսի ափերուն» խորագրեալ։ Այս մասին կը տեղեկանանք Եգիպտոսի  Հայ Դատի յանձնախումբի դիմատետրի պաշտօնական էջէն: Եգիպտացի   ուսումնասիրող  Մաժէտ Իզաթ  Իսրայիլի  հեղինակած  եւ հինգ գլուխներէ բաղկացած գիրքը կ’անդրադառնայ հայերու ներկայութեան Եգիպտոսի Նեղոսի ափերուն, անոնց կեանքին, Եգիպտոսի…

«Հալէպի Հոգետուն»ը.Մեծ վկայարան հալէպահայութեան դարաւոր ներկայութեան մասին

«Հալէպի Հոգետուն»ը. Մեծ վկայարան հալէպահայութեան դարաւոր ներկայութեան մասին Սուրիոյ Հալէպ քաղաքի «Հին Հալէպ» շրջանին մէջ կը գտնուին 19-րդ դարու աւելի քան 150 առեւտրական խանութներ քաղաքին հին փակ շուկային մէջ եւ պարիսպին շուրջը, այս արդէն բոլորին ծանօթ տեղեկութիւն է: Բայց այն որ շատեր չեն գիտեր, թէ կար նաեւ հին իջեւանոց մը այդ հին պարիսպէն դուրս, որ…

Երուսաղէմ. Պալեաններու ձեռագործ զարդանաշխերով սալիկները 100 տարեկան

Երուսաղէմ. Պալեաններու ձեռագործ զարդանաշխերով սալիկները 100 տարեկան Արեւմտահայերու երբեմնի օրրան ՝Քութահիա քաղաքէն, որ յայտնի էր իր խեցեգործութեամբ, սերած են հայ ընտանիքներ, որոնք զբաղած են այդ արուեստով: Պալեան ընտանիքի արմատներն ալ Քութահիայէն են: Յայտնի խեցեգործ՝ Նշան  Պալեան 1919-ին հրաւիրուած է Երուսաղէմ, որպէս մասնագէտ, այնտեղ աշխատանք ստանձնելու: 1922-ին, ան իր նկարիչ ընկերոջ`Մկրտիչ Քարաքաշեանին հետ Երուսաղէմի մէջ հիմնած…

Մշակոյթ, Կրթութիւն, Պետականութիւն, Քաղաքացիութիւն…

Մշակոյթի Աւանդական ու Նոր Դերերը։ Մշակոյթը, իր ամենէն լայն առումով[1], դարեր շարունակ եղած է մեր ազգը պահող ու պահպանող կենսական ուժը։ Մշակոյթը մեր ազգային ինքնութիւնն է, մեր դիմագիծը, մեզ բնորոշող և ուրիշ ազգերէ զանազանող ամենէն կարևոր գործօնը, մեր ազգային վարկը։ Դարեր շարունակ, մշակոյթը եղած է մեր «բանակ»ը, մեր «պաշտպանութեան նախարարութիւն»ը, մեր ազգային անվտանգութեան երաշխաւորը։ Սակայն,…