Կարօ Արմենեան – Ուաշինկթըն

ՀԱՐՑԱՔՆՆՈՒԹԻՒՆ   լեռներու եզերագծերը կը լուծուին իրարու մէջ և կը յօրինեն հորիզոններու երազանքը այս առտու   լեռները լուռ են   մենք ենք որ ապաստանած ենք իրենց անուրջին փնտռելով մեր ինքնութիւնը       թշնամին ինչպէ՞ս հասաւ հոս թշնամին ինչպէ՞ս մտաւ այս ձորերը թշնամին ինչպէ՞ս կը խօսի բարձրաձայն   լռութեան այս վեհարանին մէջ   և որո՞նք…

Ծովինար Յովակիմեան-Ղազարեան – Փորթլէնտ, Օրիկօն

ՍԷՐԴ ԱՊՐԻՄ ԱՆԷԱՆԱՄ Խաչիդ դպչիմ, Ցաւդ ճանչնամ, Մեղքիս ցաւը՝ քեզ խաչ հանող, Անձկութեան քեզ դատապարտող: Մարմնիդ հպիմ արիւնաքամ, խոշտանգուած, Առանց Աստուած, ամայացած հոգիդ գտնեմ, Անձկութեանդ մէջ խորասուզուիմ, Անձկութեանդ՝ խեղդող, խաւար: Ամբոխին մէջ ես կորսուած՝ Հասնիմ քեզի, Քղանցքիդ դպիմ, Ու հպումէն ահեղ, հզօր, էութեամբս ես ցնցուիմ, Մաքրուիմ, բուժուիմ, վերածնիմ: Շուքիդ հետեւիմ ես անբաժան, Կրնկակոխ քայլս՝ քայլիդ,…

Խորէն քհնյ. Պէրթիզլեան – Երեւան

Երբ Ես-ն է Միակ Ներկան   Կայ կոյր եսը, միակ ներկան Այլամերժ, չար, սուտին վկան Մենքը մերժող ամէն վայրկեան Մահացու մեղք, դաժան, գազան։   Կայ խուլ եսը, ինքնահաւան Ինքնահաճոյ, չարադաւան Կրծող քաղցկեղ բարոյական Կործանարար, խաբէական։   Եսն է ներկայ, կեդրոնական Իր վարմունքով թշնամական Սեփականն է հաճոյական Ընդհանուրին դէմ տեւական։   Եսը փառքի ջերմ սիրական Կեղծ…

Խաչիկ Տէր Ղուկասեան – Պուէնոս Այրես

«Սփիւռքահայ ըլլալ մը կայ…» Վահէ Օշական   Ոչ մեկնումին է, ոչ ալ ժամանման ճանաչումը ինքնութեանդ, այլ՝ շարժումին մէջ յաւերժ «քաղաքէ մ’ուրիշ քաղաքի միջև»:   Քեզ ընդունող չկայ, ոչ ալ ճամբու դնող, ոչ բարի գալուստ, ոչ ողջերթ, ոչ ոք կ’ընկերակցի քեզ, ուղեցոյց չունիս, չկայ կայարան, կանգառ միայն, չկայ սկիզբ, միայն միջոց, ուր կեանքը օրէնք է դաժան,…

Խաչիկ Տէտէեան – Պէյրութ

ԵԹԷ  ՉԿԱՅ ՀՈՂԸ Եթէ չկայ հողն ու հայրենիքը, Ի՞նչ արժէք ունին ծառերն ձեր մշտադալար, Առուները չքնաղ, կաղնիները խրոխտ, Բարձր սարերը ձեր։   Կ’երգէք բնաշխարհն ու աստղերը, Արեւը, որ չի ծագիր հիմա ձեր վերեւ, Ան կը հրկիզէ դաշտերն ու լեռները թաւշեայ, Որոնք օտարինն են միայն։   Ի՞նչ արժէք ունին երազկոտ երգերը ձեր, Ներբողներն ու խօսքերը ապաշաւ…

Երան Գույումճեան – Նիկոսիա

ՕՐԵՐՈՒՍ ՄԷՋ Օրերուս մէջ, կեանքն էր կարծես սայթաքեր իր բնական հունէն, Հոսանքին մէջ իր գետակին ջրմուռներով նեխահոտեր…   Օրերուս մէջ ես փնտռեցի շո՛ղ մը պայծառ արեգական, Որ ան ծորէր ու փարատէր միգամածը համատարած…   Օրերուս մէջ մարդը՝ նիւթով լոկ յղփացած, դեռ կը փնտռէր Կա՛յծ մը հրեղէն, որ ան գուցէ կրակ ու հուր փայլատակէր…   Օրերուս…

Գէորգ Պետիկեան – Փասատինա

Հաւատացի Անոր… Աչքս լոյսին եւ ճշմարտութեան բացած, Ճանչնալու համար լաւը, որ յաճախ իմս էր, Եւ ապրումիս ջերմութիւնը կորսնցուցած, Հաւատացի անոր, որ անհաւատալի էր:   Ու կեանքս ներարկող կարօտով, Գրիչս յուշերուս հետքերուն կապած, Ճակտիս գիրերը կարդալով, Հաւատացի անոր, որ անհաւատալի էր:   Ապա յոյսի եւ հաւատքի խօսքերով, Մարդոց խուլ ցաւերուն միանալով, Հոգիիս փրթած բեկորներով, Հաւատացի անոր, որ անհաւատալի էր:   Վարակիչ ապրումներս բաշխելով, Մաշած խանդավառութիւնս վերագտայ, Ու բարեսիրտ ուխտաւորի նման, Հաւատացի անոր, որ անհաւատալի էր:   ՓՈՐՁԵՑԻ… Փորձեցի քալել, կեանքի գեղեցկութեան ուղիներով, Մարդկային ընդհանրական յոյսերէն կախուած, Լաւատեսութեան յամառ կամքով, Հաւատքի բոլոր բառերս օգտագործած: Բայց, ափսոս, քայլերս սառած մնացին:   Փորձեցի քալել մեծ ու փոքր քայլերով, Ազգիս ապրումները շալկած, Անոր ներկան վաղուան պատրաստելով, Ներքին ու խոր ապրումներով պաշարուած: Բայց, ափսոս, քայլերս կէս ճամբան մնացին:   Դէմքիս վրայ յուսահատ մարդու արցունքով, Անփոշի մտածումներս խոհերու դարձուցած, Սիրտս ալ միտք դարձնելով, Փորձեցի քալել գրիչս աչքի վերածած: Բայց, քայլերս իրենց տեղերը մնացին:   Փորձեցի քալել կարօտի արցունքով, Երկրէ երկիր իբրեւ գաղթական դարձած, Սրտիս մէջ կորսուածի մը կանչով, Հայու յոյսն ու լոյսը փնտռելէ յոգնած: Բայց, ափսոս, քայլերս անաւարտ մնացին:   Քալեցի կեանքի հոսանքէն քշուած, Եւ վարակիչ ապրումներու իբրեւ որսորդ, Օրերուս ուրախ եւ տխուր շարանով, Մտքի հոսքի դարձուցի տեւական ճամբորդ: Բայց, ափսոս, դարձեալ չյաջողեցայ:   Քալեցի յաղթանակի եւ պարտութեան հետ, Քայլերուս ծուռ հետքերը շալկած, Կեանքի սնանկութիւնը պոռալով,…

Արթուն Կէպէնլիօղլու – Պոլիս

Կորաքամակ Մտահոգ տեսայ այսօր քեզ Ուսերդ կախ Սրտիդ մէջ վախ են թողեր Քեզ են վերագրեր Չնչին մեղքերը Սլքտող անտէր Քեզ են ընծայեր Առիթ մը գաղտնագողի Մի թէ մոռացման կարօտ Բոլոր մեծ ոճիրներ                                                           Արթուն Կէպէնլիօղլու Իշխանական Հորիզոնի վերջին շկնանքի Հսկողութեան տակ քաղաքը Աջս՝ Մեծ կղզին    Եւ աջ աջի՝                         ԻՇԽ     ԱՆ     ՆԵՐ Հրդեհ մը…

Արամ Քէթէնճեան – Պաղտատ

Արտագաղթ Թողած հողդ թանկագին, Ուր պապերդ կը հանգչին Եւ արմատներդ են խորին՝ Գացիր հեռուն, օտարին:   Թողած օճախդ ջերմիկ Եւ օրրանդ, ուր մայրիկ Օրօրներով քաղցըրիկ՝ Քեզ սնանեց  իմ բալիկ:   Թողած ընկերք, ընտանիք, Անկեղծ սէրդ քնքուշիկ, Թողած յուշ ու յիշատակ՝ Այլոց դարձար մտերմիկ:   Թողած մարգերն հայրենի, Բուրումնաւէտ  ծաղիկներ Եւ երփնաթոյր թռչուններ՝ Գաղթեցիր նոր աշխարհներ:…