Ոտանաւորի «տուն»ը եւ տեսակները

Ոտանաւորի «տուն»ը եւ տեսակները Բանաստեղծութիւնը՝ Արշակ Բանուչեանի «Տուն»ը ոտանաւորի ներքին բաժանումն է, որ ընդհանրապէս կ’ունենայ  չորս տող, երբեմն աւելի, երբեմն պակաս: Ահաւասիկ՝ անոր այլազան  կաղապարները. ա) Քառատող եւ քառեակ Ուրեմն չորս տողէ բաղկացած տարբերակը, որ եւ ամէնէն ընրհանրացածն է,   կոչուած է քառեակ: Քառեակը, ինչպէս նաեւ միւսները, որ պիտի տեսնենք, ենթադրուած է կազմել ներքին միութիւն մը, ամբողջութիւն մը, աւարտուն խօսք…

Պոլսոյ մէջ. Արա Կիւլէր եւ Արա Գօչունեան աւագ ուշադրութեան կեդրոնին

Պոլսոյ մէջ. Արա Կիւլէր եւ Արա Գօչունեան աւագ ուշադրութեան կեդրոնին Արա Կիւլէրի անունը, ոչ միայն  Թուրքիոյ, այլ նաեւ   համաշխարահյին մակարդակով կը շարունակէ մնալ ուշադրութեան կեդրոն։ Այս ծիրէն ներս օրերս Պոլսոյ մէջ  տեղի ունեցած է  բացումը ուշագրաւ ցուցահանդէսի մը,  որուն հիմնական   առանցքը  կը հանդիսանայ մեծն Արա Կիւլէրի արուեստի  աշխարհը։ Այս մասին կը տեղեկանանք Պոլսոյ  «Ժամանակ»էն։ Ստորեւ…

Իզմիրէն գաղթը վաւերագրող ցուցահանդէս՝ Մարսէյլի մէջ

Իզմիրէն գաղթը վաւերագրող ցուցահանդէս՝ Մարսէյլի մէջ «Նոր Յառաջ»էն կը կարդանք՝ Թերթիս 1778 թիւէն սկսեալ (13 Սեպտեմբեր 2022) ծաւալուն յօդուածով մը պարոն Արմէն Քիւրքճեան հանգամանօրէն անդրադարձած էր ճիշդ հարիւր տարի առաջ 1922 Սեպտեմբերին պատահած՝ չքնաղ Իզմիրի աղէտին, որու հետեւաքներով ալ ծայր առաւ տակաւին Թուրքիոյ մէջ մնացած, Եղեռնէն վերապրածներու զանգուածային արտագաղթը։ Ստեփան Պօղոսեան ալ թիւ 1734-ի (2…

Յաղագս Պիպեռեան Զաւէնի

Յաղագս Պիպեռեան Զաւէնի Զաւէն Պիպեռեանի, ինչպէս փաստօրէն գրական եւ կենսագրական նմանատիպ ուղեծիր ապրած շատ ուրիշ արժանաւոր գրագէտներու պարագային, ընդունուած կարգ է առաջնահերթաբար նշել անտեսումի, ճանաչման զլացումի երեւոյթը – բնորոշ գիծ՝ մեր ազգա-մշակութային իրականութեան: Եւ, հաւանօրէն, այդպիսի ընդգծում արդարացի է մասամբ: Բայց ես պիտի նախընտրեմ տուրք չտալ այդպիսի կանոնակարգի…: Ինչպէս կը հաւատամ, եւ պիտի փորձեմ հաստատել…

«Արմաթ» ճարտարագիտական աշխատանոցի բացում՝ Իսիի Համազգային-Թարգմանչաց վարժարանին մէջ

ՓԱՐԻԶԵԱՆ ՇՐՋԱՆ – «Արմաթ» ճարտարագիտական աշխատանոցի բացում՝ Իսիի Համազգային-Թարգմանչաց վարժարանին մէջ Իսի-լէ-Մուլինոյի Համազգային-Թարգմանչաց վարժարանին մէջ Նոյեմբեր 24-ին կը կատարուէր Հայաստանի Յառաջադէմ արհեստագիտութիւններու ընկերութիւններու միութեան (UATE) նախաձեռնութեամբ ստեղծուած «Արմաթ» ճարտարագիտական աշխատանոցի բացումը, UATE-ի գործադիր տնօրէն Հայկ Չոբանեանի ներկայութեամբ։ «Արմաթ» ճարտարագիտական աշխատանոցները (Armath Labs) ծնունդ առած են ճարտարագիտական վերապատրաստման ծրագրէն, զոր ստեղծած է եւ կը վարէ UATE-ը:…

Մինա Շիրվանեանի Անուան Կրթանպաստներու Հիմնադրամը 15 Համալսարանական Ուսանողներու Կ՛աջակցի

Մինա Շիրվանեանի Անուան Կրթանպաստներու Հիմնադրամը 15 Համալսարանական Ուսանողներու Կ՛աջակցի ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի յառաջացուցած «Մենք ենք Գիւմրին» յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ յստակացած են 2022-2023ի կրթական տարեշրջանին համար Մինա Շիրվանեանի անուան կրթանպաստները ստացող համալսարանական ուսանողներու անունները, որոնց թիւը այս տարի բարձրացած է 15ի: Հայաստանի Շիրակ մարզէն ուսանողներու յատուկ այս կրթանպաստներու հիմնադրամը հաստատուած էր հանգուցեալ Յակոբ…

Հայ Լեզուի Խնդիրը. Դանիէլ Վարուժան

ՀԱՅ ԼԵԶՈՒԻ ԽՆԴԻՐԸ Չեմ գիտեր թէ պիտի կրնա՞մ համառօտակի յայտնել կարծիքս շաբաթաթերթ «Ազատամարտի» կազմակերպած enquête-ին։ Կը փորձեմ ըսել։ Բայց մեծ բաղձանքս է լսելը անոնց տեսութիւնները, որոնք կրցած են մարսել նախնիքներու ստուար հատորներէն մինչեւ այսօրուան մեր վիժած մատենիկները։   Պատասխան առաջին հարցումին Մենք ազգի մը լեզուն ճոխ ու կատարեալ կը համարինք այն ատեն միայն, երբ ան…

«Օրօրայի Լուսաբացը»՝ Շարժանկարային Ֆիլմը Asia Pacific Փառատօնին Լաւագոյնը

«Օրօրայի Լուսաբացը»՝ Շարժանկարային Ֆիլմը Asia Pacific Փառատօնին Լաւագոյնը «Օրօրայի Լուսաբացը» ֆիլմը արժանացաւ «Լաւագոյն Շարժանկարային ֆիլմ» մրցանակին՝ Asia Pacific Screen Awards փառատօնին ընթացքին: Այս մասին կը հաղորդէ Հայաստանի շարժանկարի գործիչներու միութիւնը՝ շնորհաւորելով ֆիլմի բեմադրիչ Իննա Սահակեանը եւ ստեղծագործական կազմը: Ըստ միութեան՝ ֆիլմը ընդգրկուած է Թալինի միջազգային փառատօնի մրցութային ծրագրին մէջ: Ֆիլմի Պալթեան անդրանիկ ներկայացումը պիտի կատարուի…

Գրագիտուհի Անայիսի «Յուշերս» Գիրքը

Գրագիտուհի Անայիսի «Յուշերս» Գիրքը Պոլսահայ գրագիտուհի Անայիս, բուն անունով` Եփրիմէ Չօպանեան Աւետիսեան, իր յուշերուն մասին համեստօրէն կ’ըսէ. “Բայց ի՞նչ է տերեւ մը անտառին բոլոր տերեւներուն մէջ”: Ան իր կեանքի պատմութիւնը գրած է “Յուշերս” խորագրեալ գիրքին մէջ, որ հրատարակուած է Փարիզ, 1949-ին, 350 էջ: Անայիս ծնած է Պոլսոյ Պեշիկթաշ արուարձանը 1872-ին: Ան զաւակն է Յակոբ Չօպանեանի:…

«Զուարթնոց» կեդրոն` Լիբանանի մէջ

«Զուարթնոց» կեդրոն. Հովանաւորութեամբ Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան Յատուկ դաստիարակութեան «Զուարթնոց» կեդրոնը Լիբանանի մէջ  հայկական միակ ամենօրեայ կեդրոնն է, որ կը սպասարկէ մտաւոր եւ ֆիզիքական խնդիրներ ունեցող երեխաներուն ու մեծահասակներուն: Կեդրոնին առաքելութիւնն է աշակերտներուն կրթական, ֆիզիքական, հոգեբանական, ընկերային եւ գործնական կարիքները հոգալ, կատարելագործել անոնց հմտութիւնները եւ օգնել անոնց դառնալու ինքնաբաւ սորվողներ՝ անկախ կրօնական կամ ազգային պատկանելիութենէ: 2019-ին,…