Բառերու Գանձարանին Մէջ – 7. «Ռա» ու «Րէ», Ռահ ու Ռանչպար, Ռամիկ եւ Ռազմիկ (Բ. Մաս)
Բառերու Գանձարանին Մէջ (7) – «Ռա» Ու «Րէ», Ռահ Ու Ռանչպար, Ռամիկ Եւ Ռազմիկ (Բ. մաս) Շփոթեցուցիչ պարագայ ունին «ձերբակալել» ու «ձերբազատիլ» բայերը, որոնք թէեւ կու գան «ձեռք» բառէն, սակայն կը գրուին «րէ»-ով, որովհետեւ կազմուած են գրաբար «ձերբ» («ձեռք»-ին գործիական հոլովը` ձեռքով) եւ համապատասխանաբար` «կալանել» (բռնել, կապել) ու «ազատիլ» բայերէն… «Ձեռն» արմատով շինուած միւս բառերը կը պահեն իրենց ուղղագրութիւնը. ձեռագիր, ձեռագործ, ձեռակերտ, ձեռարուեստ, ձեռնակապ, ձեռնափայտ, ձեռնառումբ, ձեռնոց, ձեռնարկ, ձեռնադրել, առատաձեռն, ձեռնածու…