Անկրկնելի Հալէպը. Հայրենակցական Միութիւններ
Անկրկնելի Հալէպը. Հայրենակցական Միութիւններ Արեւմտեան Հայաստանի բազմահարիւր քաղաքներէն ու գիւղերէն տեղահանուած եւ Ցեղասպանութեան ենթարկուած հայութեան մնացորդացի առաջին կայքերը հանդիսացան սուրիական տարածքները: Սահմանամերձ շրջաններէն գաղթականները ընդհանրապէս հաստատուեցան մօտակայ քաղաքներ եւ գիւղեր: Այնթապցիներն ու մարաշցիները` դէպի Հալէպ, քիլիսցիները` Ազեզ, տիգրանակերտցիներն ու սասունցիները` Գամիշլի, ուրֆացիները` Թել Ապիատ եւ շրջակայքը, պերեճիկցիները` Ճարապլուս… եւ այսպէս հաստատուեցան Սուրիա, դէպի Հալէպ ու…