«Արդ Եւս»ի Նպաստառուները Յայտնի Են
«Արդ Եւս»ի Նպաստառուները Յայտնի Են «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան Հայկական բաժանմունքը ուրախութեամբ կը յայտնէ «Արդ Եւս» արեւմտահայերէն մշակութային դրամաշնորհի մրցոյթի ինն յաղթողներու անունները։ Արեւմտահայերէնը մշակութային ժամանակակցութեան եւ նորարարութեան առաջնագիծին բերելու հրամայականով՝ 2021ի աշնան մեկնարկեց սոյն ծրագիրը։ Հիմնարկութիւնը ստացաւ յիսուն եօթ յայտեր, որոնցմէ բաժանմունքի անդամներէն կազմուած յանձնախումբը ընտրեց հետեւեալ ինն նախագիծերը. – Հայ ստեղծագործներ խմբակէն Քարոլին Փարթամեան,…