«Անի» Անունով Ամսագիր Մը Կար…
«Անի» Անունով Ամսագիր Մը Կար… Անցեալները 1954 թուականը կրող «Անի» ամսագրի հին ու գունաթափ թիւ մը ինկաւ ձեռքս: Հաճոյքով թղթատեցի զայն, ընթերցումներ կատարեցի հոսկէ-հոնկէ, մասնաւորաբար հետաքրքրուելով, թէ որո՛նք աշխատակցեր էին գրական որակաւոր այս պարբերականին: «Անի»-ն լոյս տեսած է լիբանանահայ գրագէտ-բանաստեղծ Վահէ-Վահեանի (1908-1998) խմբագրութեամբ, Պէյրութ, 1946-1955: Ժամանակաշրջան մըն էր ասիկա, երբ սփիւռքեան իւրաքանչիւր գաղութ ունէր իր գրական պարբերաթերթը,…